2010-10-30 11:47:06

Աստուծոյ Ծառայ Սիլարտ Պոկտանֆի՝ Խորաններու Պատւոյն։


Այսօր 30 Հոկտեմբեր Ռումանիոյ Օրատէա Մարէ մարզին մէջ կայացած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագին, գլխաւորութեամբը Էշթէրկոմ-Պուտափէշթի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Բէթէր Էրտէօ-ի եւ ներկայութեամբը Սուրբերու Դատի Ժիղովի Կառավարիչ Արքեպիսկոպոս Անճէլօ Ամաթօ-ի, Երանելի հռչակուեցաւ Օրատէա-Մարէ-ի Լատիններու Եպիսկոպոսը, հաւատքի նահատակ Սիլարտ Պոկտանֆի։
Ան ծնած է 1911ին Հունգարական Քըսանատ թեմը,որ այժմ կը գտնուի Սերպիոյ մէջ. Օրատէա-ի Դպրեվանքը մտնելէ ետք, իր ուսումները կը կատարէ Պուտափէշթի ՝՝Բէթէր Բազմանի՝՝ համալսարանի Աստուածաբանութեան ու Փիլիսոփայութեան մասնաճիւղերու մօտ։ 1934ին է որ քահանայ կը ձեռնադրուի։ Շատ գնահատուած դասատու մըն էր եւ յաջող լրագրող մը։ Ան ապրած է համայնավար վարչակարգի վայրագ տարիներուն, որ կատաղութեամբ կը հալածէր կաթողիկէ եկեղեցին՝ ոչնչացնելու դիտաւորութեամբ։ Այս մթնոլորտին մէջ է որ 1949-ի Փետրուարին ան Եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի գաղտագողի, Պուքարեսթի Առաքելական Նուիրատան մէջ, ձեռամբ Արքեպիսկոպոս Ճէրալտ Բաթրիք Օհարայի ,եւ արդէն 1949ի Ապրիլին կը ձերբակալուի ՝՝մեծ դաւաճանութեան ու լրտեսութեան՝՝ յանցանքով ու զայն կը տեղափոխեն զանազան բանտեր, 1953ին կը փոխադրեն Սեւ Ծովի վրայ գտնուող Գաբուլ Միտիա կոչուած արգելանոցը որ իսկական բնաջնջման ճամբար մըն էր, բառին բուն իմաստով՝ դժոխք մը։ Վարչակարգը կ՝ուզէր ամէն միջոց գործածել որպէսզի Եպիսկոպոս Պոկտանֆի հրաժարի իր կաթողիկէ հաւատքէն ։ Անշուշտ թէ անոր դէմ կատարուած ամբաստանութիւնը իրական ոչ մի ստուգումի վրայ կը հիմնուէր ։ Ամիսներ ետք կը տեղափոխեն Նակեէնէտ կոչուած այլ բանտ մը, տկարացած ու հիւծած տարիներու բանտարկութենէն ու տանջանքներէն ,կը հիւանդանայ թոքատապէ, բայց չեն դարմաներ ,ուստի կը վախճանի 2 հոկտեմբեր 1953-ին։







All the contents on this site are copyrighted ©.