2010-10-29 12:56:38

Հոկտեմբեր 21-30 Հայաստանի Մէջ Տեղի Կ'ունենայ Փորձական Մարդահամարը։


Հոկտեմբեր 21-30 Սեւան քաղաքի եւ Տաւուշի մարզի 4 բնակավայրերու մէջ տեղի կ'պիտի ունենայ փորձնական մարդահամար։ Այս մասին հաղորդած է Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժինի նախագահ Կարինէ Գույումճեան։ Ան յայտնած է, որ այս փորձնական մարդահամարը տեղի ունեցած պէտք էր ըլլար ապրիլին, սակայն նիւթական դժուարութիւններու պատճառով յետաձգուած էր հոկտեմբերին, իսկ հիմնական մարդահամարը տեղի պիտի ունենայ 2011 թուականի հոկտեմբեր 12-21։ Հիմնական մարդահամարը պիտի իրագործեն 16 հազար մասնագէտներ։ Հարցումները պիտի վերաբերին մարդոց ապրած շրջանին մասին, ինչպէս նաեւ անոնց ասպարէզին, պատկանելիութեան եւ այլն։ Հարցաթերթիկները պիտի հաւաքուին մարդահամարէն 2-3 ամիս ետք, իսկ վերջնական արդիւնքները պիտի հրապարակուին 2013-ի աւարտին։







All the contents on this site are copyrighted ©.