2010-10-29 12:54:42

Հազարաւոր Մանուկներ Կը Պատրաստուին Հանդիպում Ունենալու Սրբազան Քահանայապետին Հետ։


Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 30 հոկտեմբերին, Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ։ Այդ առթիւ Սրբազան Հայրը պատասխան պիտի տայ մանուկի, անչափահասի եւ դաստիարակիչի կողմէ ուղղուած երեք հարցումներուն։ Նախքան սրբազան Հօր ներկայանալը հրապարակ, Իտալիոյ բոլոր մարզերէն եկած մանուկները, անոնց ընկերացող ծնողները եւ դաստիարակիչները պիտի աղօթքեն եւ իրենց կեանքի վկայութիւնը պիտի տան ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտին մէջ։ Իտալիոյ եպիսկոպոսական դասի նախագահը կարտինալ Անճելօ Պանիասքոն ներկայ պիտի գտնուի հանդիպումին։







All the contents on this site are copyrighted ©.