2010-10-29 11:31:26

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵՆԷՆ


Երաժշտական Թատերախաղ՝ հայազգի արուեստագիտուհի' ''Շեր''ի կեանքին մասին։
Շերլին Լայպեր Սարգսեան՝ բոլորին ծանօթ Շեր անունով, գրաւած է գրող եւ բեմադրիչ Էնտի Ֆիքմընի գործունէութեան կեդրոնը, եւ անոր կեանքին եւ արուեստին մասին երաժշտական թատերախաղ մը կը պատրաստէ։ Անոր համաձայն, Շեր իր կեանքով եւ արուեստի ուղիով հետաքրքրական անձնաւորութիւն մըն է։
Տակաւին յստակ չէ, թէ երաժշտական ներկայացման ընթացքին, Շերի հին երգերը պիտի ներկայացուին, թէ այս առիթով նոր երգեր պիտի գրուին։ Նշենք, որ Շեր տիրացած է նոյն ատեն Օսքար, Էմմի եւ Կոլտըն Կլոպ մրցանակներուն։ Ան 1985-ին եղած է Քաննի շարժապատկերի փառատօնին լաւագոյն դերասանուհին։
Ծագումով հայ արուեստագիտուհին ծնած է 20 Մայիս 1946-ին Էլ Սենտրոյի մէջ Քալիֆորնիա յայտնի փոփ երգչուհի է նաեւ երգերու հեղինակ , դերասնուհի, բեմադիր ու երաժշտական արտադրիչ։







All the contents on this site are copyrighted ©.