2010-10-29 12:54:50

Եթովպիական Եկեղեցին


Հապէշիստան կը հաշուէ ներկայիս (12)միլիոն հաւատացեալներ: Առաջին դարերուն արդէն՝ քրիստոնէութիւնը հոն մտած էր, բայց պաշտօնական կրօնք դարձաւ Դ. դարուն առաջին կէսին: Նուիրապետական տեսակետով՝ Աղեքսանդրիայէն կախում ունէր մինչեւ վերջին ժամանակները: 1959ին միայն Աղեքսանդրիայէն անկախ պատրիարքութիւն մը ստեղծուեցաւ: Ե. դարու վերջերը Եթովպիա կը հասնին այսպէս կոչուած ‘’’հինգ սուրբերը’’ գուցէ Սուրիայէն, որոնք միաբնէականութիւն կը քարոզեն:

Եթովպական ծէսը քանի մը անգամ թարգմանուած եւ ճոխացած՝ Աղեքսանդրեան ծէսն է: Հապէշիստանի մէջ բազմաթիւ են հոգեւորականները, եկեղեցականները, այրերու եւ կիներու վանքերը: Կաթողիկէ Եկեղեցին կը հաշուէ 100 000 խափշիկ հաւատացեալներ:

Եթովպական մշակոյթը որ սկիզբը ղպտիականին կապուած էր, ունեցաւ իր յատուկ ծաղկումը ԺԵ. դարու վերջերուն շուրջ՝ Զարայ Եագոպ կայսրի ատեն:
Աշխարհի մէջ չկայ ժողովուրդ մը, որ այնքան ջերմեռանդ ըլլայ Աստուածամօր՝ որքան Հապէշ ժողովուրդը: Բովանդակ ազգը սկիզբէն ի վեր անոր հովանաւորութեան ակ դրուած է: Գրեթթէ ամենքն ալ կը կրեն Մարաիմ անունը իբրեւ գրաւական՝ անոր մայրական պաշտպանութեան: Ծիսակատարութեան մէջ Մարիամ ամմէն տեղ ներկայ է: Բազմաթիւ են անոր տօները, մարեմեան ժամասացութիւնները, անթիւ՝ շարականները, բանաստեղծութիւնները, պատմուածքները: Ս. Պատարագին մէջ լայն տեղ կը գրաւէ Մարիամ: Մարդեղութեան ժամամուտին մէջ կ’ըսուի. ‘’’Ով Կոյս, որ արգանդիդ մէջ կրեցիր լափող (սպառիչ) կրակը: անոր դէմքը կրակ է, անոր զգեստը կրակ է, անոր պայծառութիւնը կրակ է, ինչպէ՞ս քեզ հրդեհած չէ: Եւ քու ծոցիդ մէջ, ո՞ւր հաստատուեցան, կապուեցան եւ տարածուեցան հրեղեն տաղաւարները, եթէ քու մարմինդ այնքան փոքր է’’:
Պարզ, ինքնաբուխ, ժողովրդային, բայց ոչ նուազ աստուածաբանական հաւատք մը կ’ոգեւորէ այս ազնուական Եկեղեցին: Մարիամ կը գովաբանուի մանաւանդ՝ իբրեւ աստուածային ողորմութեան գանձարանը: Ողորմութեան եւ ներողամտութեան պաշտօնն ունի: ‘’’Կնքուեցաւ, կ’երգեն եթովպական աղբիւրները, գթութեան ուխտ մը Քրիստոսի եւ Մարիամի միջեւ ի նպաստ կարօտեաներու եւ մեղաւորներու, այս ուխտն է որ կը սնուցանէ ամենուն յոյսը: ‘’’Ով Մարիամ, քու խորհուրդներդ լի են գորովով, քու սովորութիւնդ է սիրել մարդիկը: Սէրը հրդեհ է քու ընդերքներդ, ամբողջութեամբ կրակ դարձար: Քու աղօթքդ ըլլայ միշտ եւ ամէն փորձանքին մէջ՝ ցերեկուան ատեն՝ պահպանութիւն, գիշերուան ատեն՝ հսկուն’’:







All the contents on this site are copyrighted ©.