2010-10-28 12:47:59

Ռուսիոյ նախագահին նախաձեռնութեամբ, Աստրախանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի, Տիմիթրի Մետվետեւի եւ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի հանդիպումը.


Եռակողմանի հանդիպման աւարտին կատարուեցաւ միացեալ յայտարարութիւն մը։ Ռուսիոյ նախագահը հանդիպումը շատ օգտակար նկատեց։ Ան ըսաւ ՝՝Առաջին հերթին անոր համար, որ ամէն պարագայի բանակցութիւնները միշտ աւելի լաւ են, քան՝ հակամարտութեան աշխուժացումը։ Երկրորդ՝ անոնք ոչ միայն բանակցութիւններ են, այլեւ յառաջընթաց քայլ մը։ Ես արդէն եօթներորդ անգամ ըլլալով այս տեսակի նախաձեռնութիւն մը կը կատարեմ եւ ընդհանուր առմամբ, հակառակ անոր որ դիւրին հանդիպումներ չեն, անոնք կ՝անցնին բաւական լուրջ բանաւէճի լոյսին տակ, երբեմն զգացական, եւ կը բարդացնեն միջնորդի կողմին գործը, ինչպէս ՄԻՆՍՔ-ի խմբակին, այնպէս ալ Ռուսիոյ համար՝ իբրեւ համանախագահող երկիր, սակայն անոնք շատ օգտակար են, նկատել տուաւ Տիմիթրի Մետվետեւ։ Ռուսիոյ նախագահը փոխանցեց, որ կողմերը կատարած են միացեալ յայտարարութիւն մը, որ մարդկային բնոյթ կը կրէ եւ շատ կարեւոր է, որովհետեւ այսօր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կան տարբեր բնոյթի բարդութիւններ՝ ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերաբերեալ։ Մասնաւորաբար, անդրադարձ կը կատարուի փոխադարձ վստահութեան միջոցներու ամրապնդման մասին, այն առումով, որ անյետաձգելի ձեւով պէտք է իրագործուին գերիներու փոխանակումը եւ զոհուածներու դիակներու վերադարձը։
Մետվետեւ ըսածէ նաեւ որ ՝՝մենք կտրած ենք որոշակի ճամբայ մը, որ հիմք կը հանդիսանայ աւելի յուսալու, ապա 1-2 դեկտեմբերին Ղազախստանի մէջ ԵԱՀԿ-ի վեհաժողովի կազմակերպման ընթացքին պիտի յաջողինք հասնիլ համաձայնուած տարբերակի մը՝ ընդհանուր սկզբունքներուն շուրջ՝՝ ։ Նշենք, որ երէկուան եռակողմանի հանդիպումը ընդհանուր եօթներորդն է(երրորդը այս տարուան ընթացքին)։ Առաջինը տեղի ունեցաւ Սոչիի մէջ,իսկ երկրորդը՝ յունիսին՝ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.