2010-10-28 13:03:20

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Միջազգային Հարցերու Յանձնախումբի Ժողովին


3 - 8 հոկտեմբեր 2010, Տուրեսի մէջ (Ալպանիա), Ալպանիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ, գումարուեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնախումբին 50-րդ ժողովը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան՝ մասնակց»ցաւ յանձնախումբի անդամուհի Վանայ Տէր Օհաննէսեան։
Ժողովին գլխաւոր նիւթն էր «Միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ ի յայտ եկող նոր երեւոյթներ»։ Ժողովականները որոշեցին մինչեւ 2013-ի Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի համաժողովը իրենց ուշադրութիւնը սեւեռել խաղաղութեան եւ ապահովութեան, գաղթական աշխատաւորներու մարդկային իրաւունքներուն, կրօնական ազատութեան եւ խաղաղութիւն ժողովուրդներու միջեւ բնագաւառներուն վրայ։ Յատուկ ուշադրութեան արժանացաւ Ժամայիքայի մէջ 2011-ին գումարուելիք Խաղաղութեան միջազգային համագումարը։
Վանայ Տէր Օհաննէսեան գործօն մասնակցութիւն բերաւ ժողովին եւ ներկայացուց Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Քանատայի շրջանային զեկոյցը եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու քննարկման ենթայանձնախումբին զեկոյցը։ Կրօնական ազատութեան ծիրին մէջ, ան ընդգծեց հոգեւոր պաշտամունքի վայրերու որպէս սրբավայրի պահպանման հրամայականը եւ, որպէս գործնական օրինակ, նշեց Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ շահագործումը Թուրքիոյ կողմէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.