2010-10-28 12:49:50

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան գնաց Ռուսիոյ Աստրախանի մարզը, ուր դիմաւորուեցաւ մարզին ղեկավարութեան կողմէ։


Սարգսեան այցելեց քաղաքին կեդրոնը գտնուող հայկական Յուշարձանը եւ ծաղկեպսակ դրաւ Յուշարձան-Խաչքարին վրայ, որ տեղադրուած է 1930-ական թուականներուն քանդուած հայկական եկեղեցւոյ տեղ։ 2002 թուականի տուեալներով, Աստրախանի մէջ կ՝ապրին 6000 հայեր, բայց խորքին մէջ անոնց թիւը աւելի է։ Համայնքը աշխուժ դերակատարութիւն ունի գիտական, մշակութային կեանքին մէջ, մասնաւորաբար ժամանակին քաղաքին մէջ գործող երեք համալսարաններէն երկուքին տնօրէնները հայեր եղած են։ Աստրախանի մարզին նահանգապետ Ալեքսանտր Ժիլկին նախագահին ներկայացուց հայ համայնքին ներդրումը քաղաքին ու մարզին մշակութային, գիտական եւ տնտեսական բնագաւառներուն մէջ, եւ նշեց, որ հայերը կը յատկանշուին իրենց աշխատասիրութեամբ։ Ան ընդգծեց մարզի զարգացման գործին մէջ հայ համայնքին ունեցած մեծ դերը։







All the contents on this site are copyrighted ©.