2010-10-27 13:24:30

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը, Կնոջ Դերը Եկեղեցւոյ Մէջ Նիւթին Մասին։


Չորեքշաբթի 27 հոկտեմբեր 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի աւելի քան 5 հազար ուխտաւորներուն, որոնք խմբուած էին Ս. Պետրոսի հրապարակը։
Նորին Սրբութիւնը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը՝ Կնոջ դերին եկեղեցւոյ մէջ, ներկայացուց Շուէտի սրբուհի Պրիժիտը։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Սրբուհի Պրիժիտը ծնած է 1303ին Շուէտին մէջ։ Այս ազգը երեք դարեր առաջ ողջուգուրած էր քրիստոնէական հաւատքը։ Սրբուհի Պրիժիտը իր ծնողներէն ընդունեց հոգեւոր այս ժառանգութիւնը եւ իր կարգին ուրիշներուն հաղորդեց։ Որպէս հարս, քնքշութեամբ եւ անուշութեամբ, օգնեց իր ամուսինը յառաջանալու քրիստոնէական հաւատքին մէջ։
Որպէս մայր, իր զաւակները դաստիարակեց իմաստութեամբ։ Իր ընտանիքը այսպէսով դարձաւ առտնի եկեղեցի մը, մեզի բոլորիս սորվեցնելով թէ ամուսնական հոգեւորութիւնը զօրավիգ ճանապարհ մըն է դէպի սրբութիւն։
Այրի դառնալով, Պրիժիտը իր ունեցածը բաշխեց աղքատներուն, եւ քաշուեցաւ չիսդերսեան մենաստանը։
Վանքին մէջ ընդունեց բազմաթիւ յայտնութիւններ։ Իր խորհրդածութեան նիւթը եղած էր Քրիստոսի չարչարանքը` ցոլացումը Աստուծոյ անհուն սիրոյն ու նաեւ Ցաւագին Տիրամօր մայրութիւնը` Միջնորդ եւ Մայր ողորմութեան։ Շուէտէն հեռանալով կը հաստատուի Հռոմ, ուր Սրբազան Քահանայապետէն կը խնդրէ վաւերացումը իր հիմնած վանական-վանականուհի միաբանութեան կանոնագիրքին։ Իր կեանքի վերջին տարիները նուիրեց առաքելութեան եւ աղօթքի։
Սիրեցեալ եղբայրներ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, թող Սրբուհի Պրիժիտը` Եւրոպայի համապաշտպան սրբուհին, վկայ է քրիստոնէութեան ազդեցութեան Եւրոպայի ժողովուրդներու կեանքին մէջ։ Թող ան բարեխօսէ որպէսզի Եւրոպան շարունակէ սնանիլ քրիստոնէական արմատներէն։
Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները մաղթելով անոնց որ սրբուհի Պրիժիտը խթանէ քրիստոնեայ զոյգերը ցոյց տալու աշխարհին ամուսնական կեանքի գեղեցկութիւնը, ապրուած աւետարանական արժէքներու վրայ։ Իսկ դուք երիտասարդներ, ըսաւ Սրբազան հայրը, ամրապնդեցէք ու զարգացուցէք ձեր հաւատքը։ Բարի ուխտագնացութիւն կը մաղթեմ բոլորին, թող Տէրը օրհնէ ձեզ։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանադներուն եւ նորապսակեալներուն յիշեցնելով թէ հինգշաբթի 28 հոկտեմբերին եկեղեցին կը յիշատակէ Սիմէոն եւ Թադեոս սուրբ առաքեալներու տօնը։ Անոնց փառաւոր հաւատքի վկայութիւնը (ըսաւ Սրբազան Հայրը) օրինակ ըլլայ ձեզի վեհանձնութեամբ համապատասխանելու Տիրոջ կանչին։







All the contents on this site are copyrighted ©.