2010-10-27 12:51:38

?Նոր Զոհ Ղարաբաղ- Ազրպէյճան Սահմանին Վրայ.Յարութ Գրիգորեան.


Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ նախապէս ձեռքբերուած համաձայնութեան, երէկ ԵԱՀԿ-ի անդամներ գետնի վրայ դիտարկում կատարեցին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ՝ Աղտամի ուղղութեամբ, Եուսուֆճանլիի բնակավայրին մօտ։
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը իրականացուցին ԵԱՀԿ-ի գործող անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Անթալ Հերթիչ (Հունգարիա) եւ Ժասլան Նուրտազին (Ղազախիստան)։ Հակառակ կողմէն դիտարկումը իրականացուցին ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի համակարգող, փոխ-գնդապետ Իմրէ Փալաթինուս (Հունգարիա) եւ գործող անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Վիլիամ Պրայոր (Մեծն Բրիտանիա) եւ Քրիստօ Քրիստով (Պուլկարիա)։ Դիտարկումը կատարուեցաւ ըստ սահմանուած նախագիծին։ Դիտարկման ժամանակ զինադադարի դրութեան խախտումներ չեն արձանագրուած։ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը յայտնէ, որ դիտարկման առաքելութեան ղարաբաղեան կողմէն կ՝ուղեկցէին Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները։
Դիտարկումի աւարտէն ետք, հայաստանեան ժամանակացոյցով 16։45-ին ղարաբաղեան- ազրպէյճանական զօրքերու հանդիպման գիծին հիւսիս-արեւելեան կողմը՝ Մարտակերտի ուղղութեամբ, ազրպէյճանական կողմի հրացանաձգութեան պատճառով սպաննուած է բանակային Յարութ Գրիգորեան (1990-ի ծնունդ)։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեց զոհուած զինուորին հարազատներուն եւ խստիւ դատապարտեց կայունութեան խախտումը Ազրպէյճանի կողմէ։ Նաեւ Ռատիօ Վատիկանի անձնակազմի ցաւակցութիւնները Յ.Գրիգորեանի ծնողքին ու ընտանեկան պարագաներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.