2010-10-27 13:25:32

Թեմական Առաջնորդներու Եւ Ազգային Իշխանութեանց Ներկայացուցիչներու Հանդիպում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ


Արամ Ա. Կաթողիկոսին հրաւէրով , յառաջիկայ օրերու ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներու եւ ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներու առանձնակի թէ հաւաքական հանդիպումներ տեղի պիտի ունենան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:
Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունենալիք սոյն հանդիպումներու ընթացքին պիտի քննարկուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան առնչուած, ինչպէս նաեւ համահայկական բնոյթ ունեցող հարցեր ու ծրագիրներ:
Այս առիթով նաեւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները պիտի ունենան լիակատար նիստեր:
 







All the contents on this site are copyrighted ©.