2010-10-27 12:59:51

Թեհրանի Միջազգային Ցուցահանդէսին Արցախի Խորհրդանիշերու Ներկայութիւնը Կը Վշտացնէ Ազրպէյճանցիները ու Թուրքերը ։


Թեհրանի մէջ բացուած է լրատուական գործակալութիւններու եւ մամլոյ 17-րդ միջազգային ցուցահանդէսը, որուն կը մասնակցին աշխարհի 55 երկիրներու զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին՝ Հայաստանի ներկայացուցիչները ։ Ցուցահանդէսի բացումէն ետք ազրպէյճանցիները մեծ աղմուկ բարձրացուցած են այն պատճառով, որ հայկական տաղաւարին մէջ փակցուած եղած են Արցախի խորհրդանիշը նկատուող ՝՝Մենք ենք մեր սարերը՝՝ արձանին նկարը, ինչպէս նաեւ Արցախի քարտէսի եւ դրօշակի նկարները
Ազրպէյճանի ներկայացուցիչները պահանջած են հանել այդ նկարները՝ զանոնք անուանելով ՝՝գրռութիւն՝՝։ Հայկական կողմը պատասխանած է, որ Արցախի խորհրդանիշի այդ նկարը տաղաւարին մէջ տեղադրած են ցուցահանդէսի կազմակերպիչները, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի դրօշի եւ քարտէսի նկարները իրենք փակցուցած են։
Հայաստանեան լրատուամիջոցներուն համաձայն, բայց եւ այնպէս Ազրպէյճանի ներկայացուցիչները քանի մը անգամ ապացուցած են, որ չեն կրնար խնդիրները լուծել քաղաքակիրթ ճամբով կամ երկխօսութեան միջոցով։ Անոնք իրանական կողմէն պահանջած են հանել քարտէսը եւ հայկական յուշարձանի լուսանկարը, սակայն չսպասելով կազմակերպիչներուն կողմէն այդ որոշումի ընդունուելուն, ազրպէյճանական պատուիրակութեան ներկայացուցիչը ներխուժած է հայկական տաղաւար, խլած է Հայաստանի քարտէսը եւ փորձած է զայն պատռել։ Հարկ է նշել, որ իրենց շահերը պաշտպանելու համար ազրպէյճանական պատուիրակութեան ներկայացուցիչները օգնութեան կանչած են թրքական պատուիրակութիւնը .......







All the contents on this site are copyrighted ©.