2010-10-27 12:40:52

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ։
ԱԿՆԱՐԿ ՄԸ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ.


1923էն սկսեալ Արեւմտահայ գրականութիւնը կրնանք անուանել Սփիւռքահայ գրականութիւն, մանաւանդ որ անոր գլխաւոր թեման կը մնայ Սփիւռքը, օտարին հետ հանդիպումը եւ հայրենիքի կարօտը: Անշուշտ իւրայատուկ տեղ ունի Թրքահայ, մասնաւորապէս՝ Պոլսահայ գրականութիւնը, որ բաւականին ինքնատիպ է:
Ամերիկաներ եւ Գանատա: Սփիւռքահայ գրականութեան առաջին վաւերական գրողները եղան Միացեալ Նահանգներ ապաստանած, բայց հայրենիքէն հայեցի ուսում եւ հայեցի դաստիարակութիւն ստացած անձեր: Ասոնք գոնէ մինչեւ 60-ական թուականները , ընդհանրապէս Պոսթըն մասամբ նաեւ Նիւ Եորք եւ Տիթրոիթ քաղաքներու մէջ կ'ապրէին:
Ամերիկահայ վաւերական գրողները գրեթէ բոլորն ալ արձակագիրներ են: Իրենց գրականութեան աշխարհը գլխաւորաբար. կորսուած հայ գիւղն է կամ Ամերիկեան քաղաքներու արուարձաններուն մէջ հայ գիւղի յիշատակներով ապրող տիպարներ . այդպէս է Համաստեղի, Բենիամին Նուրիկեանի, Արամ Հայկազի, Վահէ Հայկի, Անդրանիկ Անդրէասեանի եւ Մալխասի ստեղծած գրականութիւնը: Մալխաս վիպականացուցած է մեր ազգային ազատագրական պայքարի վերջին շրջանը :Ամերիկան մեզի բանաստեղծներ չտուաւ: Այս սերունդին մէջ կարելի չէ չյիշել անգլիագիր Ուիլիըմ Սարոյեան, Մայքըլ Արլէնը ,կրտսեր Մայքըլ Արլէնը, Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան եւ ուրիշներ: Այս սերունդը խամրեցաւ 60-ական թուականներէն ետք եւ նման Ֆրանսահայ գրականութեան նոր գրողներու ծնունդ չկրցաւ տալ : Ամերիկայի միջին եւ անմիջական սերունդի գրողները Պարսկաստանէն , Արաբական աշխարհէն եւ Հայաստանէն գաղթած են :Միջին սերունդէն յիշենք հրաշալի արձակագիր Յակոբ Կարապենցը:

Միացեալ Նահանգներուն մէջ մշակութային եւ գրական նոր կեդրոն դարձաւ Գալիֆորնիան մանաւանդ Լոս Անճլըս քաղաքը որ Սփիւռքի ամենէն հայահոծ եւ ուժեղ հայ գաղութն է ներկայիս , ուր կը գործեն բազմաթիւ տպարաններ հրատարակչատուներ , կը հրատարակուին թերթեր ու գիրքեր կը բացուին դպրոցներ , ակումբներ , գրական ու մշակութային ընկերութիւններ:

Լոս Անճլըս-ը Սփիւռքի բաբախող սիրտն է ներկայիս սակայն չմոռնանք որ այդ դերին մէջ հիմնական գործը կատարողը Սուրիայէն, Լիբանանէն, Եգիպտոսէն, Թուրքիայէն եւ Հայաստանէն նոր գաղթածներն են :

Հարաւային Ամերիկան շատ աննշան դեր ունեցաւ սփիւռքահայ գրականութեան զարգացման մէջ:

1960-ական թուականներուն Հայ գաղութ կազմաւորուեցաւ Գանատայի Մոնրէալ քաղաքին մէջ : Մոնրէալի մէջ ունինք ամէնօրեայ դպրոցներ եւ հրատարակութիւններ: Մոնրէալի «Հորիզոն» թերթը , իր շաբաթական յաւելուածով , գրական շրջանակի մը մօտ յաջողեցաւ հետաքրքրութիւն ստեղծել:







All the contents on this site are copyrighted ©.