Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս
Պատրիարքի Գահակալութեան 11-րդ Տարեդարձին Առթիւ Տօնակատարութիւն։
Հռոմի Լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարանէն ներս, Շաբաթ 23 հոկտեմբեր (2010-ին) երեկոյեան,
տեղի ունեցաւ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ
հայոց կաթողիկոս պատրիարքի գահակալութեան 11-ամեակի տօնակատարութիւնը։ Տօնակատրութեան
ներկայ էին հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնոդոսական հայրերը, վարժարանին մեծաւորը եւ փոխ
մեծաւորը, վարդապետներ եւ վարժարանին ժառանգաւորները: Կարկանդակի բեկանումէն ետք,
հոգեւոր տէրը իր սրտին խօսքը հաղորդեց ներկաներուն, շեշտելով քահանային սուրբ կենցաղին,
խոնարհութեան եւ աղօթասիրութեան մասին: Յիշենք, որ բոլոր հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն
մէջ յատուկ աղօթքներ բարձրացան վասն Հայրապետին։ Ռատիովատիկանի Հայերէն հայորդումներու
անձնակազմը այս առթիւ կը շնորհաւորէ եւ իր բարեմաղթութիւնները կը յայտնէ Ամենապատիւ
Հոգեւոր Տիրոջ։