2010-10-26 13:10:51

Կարտինալ Թորան Հաշուեյարդարը Կը Կատարէ Միջին Արեւելքի Եպիսկոպոսական Սիւնոդոսին։


Միջեկեղեցական քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` Կարտինալ Ժան Լուի Թորան, Ռատիովատիկանի ֆրանսական կայանին հետ ունեցած ելոյթով՝ խօսեցաւ երկու մահմետական Շիիթ եւ Սիւննի կրօնաւորներու մասնակցութեան մասին, եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքներուն։ Անոնք զարմացած մնացին ի տես սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւններու ազատ արտայայտութիւններուն։ Կարտինալը երկու մահմետական կրօնաւորներուն ըսաւ թէ՝ քրիստոնէութիւնը ազատութիւն կը նշանակէ։ Կարտինալ Թռրան զարմանք յայտնեց որ Իրանի իսլամ կրօնաւորը Սրբազան Քահանայապետին առջեւ ուրացաւ գոյացող դժուարութիւնները քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութիւններու մէջ եւ մասնաւորապէս Իրանի մէջ։ Նոյնպէս կարտինալ Թորան ըսաւ թէ՝ հրեայ-պաղեստինեան ընդհարումը մայրն է միջին արեւելքի բոլոր տագնապներուն։ Պաղեստին իր բոլոր կեանքին մէջ բնաւ չճանցաւ խաղաղութիւնը։ Ասիկա ճշմարիտ գայթակղութիւն մըն է եւ դրժումը մարդու բոլոր իրաւունքներուն։ Խօսելով Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, ան ըսաւ արեւելցի քրիստոնեային պարտականութիւնն է ծաղկիլ այդ շրջանին մէջ ու ծաղկեցնել զայն։







All the contents on this site are copyrighted ©.