2010-10-25 13:16:24

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հակիրճ այցելութիւնը Սպանիա։


Դէտերու գնահատումով Սրբազան Հայրը կը սիրէ Սպանիան։
Նորին Սրբութիւնը 2006-ի Յուլիսին այցելեց Սպանիա եզրափակելու Վալեսիա քաղաքին մէջ ընտանիքներու համաշխարհային 5-րդ հանդիպումը։
Օգոստոս 2011ին Մատրիտ պիտի այցելէ գլխաւորելու երիտասարդութեան համաշխարհային օրը։
Իսկ մէկ ամիսէն երկու օրուան համար Սպանիա կը մեկնի մասնակցելու Ս. Յակոբ տէ Գոմբոսդելլի յոբելենական տարւոյն եւ այցելելու Պարսելոնա քաղաքը, ուր Ս. Ընտանիքի նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ պատարագ պիտի մատուցանէ։
Սպանիայի եկեղեցին այս առթիւ կայքէջ մը բացած է, ուր կարելի պիտի ըլլայ ուղղակիօրէն հետեւիլ Սրբազան Հօր տեղափոխութիւններուն եւ մասնակցելու եկեղեցական արարողութիւններուն եւ լսելու անոր ճառերն ու քարոզները։







All the contents on this site are copyrighted ©.