2010-10-25 13:14:29

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Խաղաղութիւն եւ ազատութիւն Միջին Արեւելքին համար, այս բառերով Սրբազան Քահանայապետը կ'եզրափակէ Միջին Արեւելքի Սիւնոդոսը։ Նոր Աւետարանութիւնը նիւթը պիտի հանդիսանայ 2012ի եպիսկոպոսական սիւնոդոսին։

Խօսքը ուղղելով Սիւնոդոսական Հայրերուն, Նորին Սրբութիւնը կը հաստատէ թէ Կաթողիկէ Եկեղեցին ինքն իր մէջ կը բովանդակէ զանազանութիւնը միակ հաւատքի բազմաձայնութեան մէջ, ճշմարտութիւնը սահման չունի։

՜՜Եկեղեցին կաթողիկէ եւ ընդհանրական է, որովհետեւ իր մէջ կը ներփակէ՝՝ այս է համադրութիւնը ճառին որ Սրբազան Հայրը արտասանեց սիւնոդոսին աւարտին, սիւնոդոսական հայրերուն տուած սիրոյ սեղանի ընթացքին ։

Ս. Երկրի ֆրանչիսքեան պահակը` Հայր Բիցապելլա կ'ըսէ. սիւնոդոսէն ի յայտ եկաւ նոր ձեւ մը Եկեղեցին ապրելու։

Գեղեցիկ եւ զօրաւոր փորձառութիւն մը ունեցանք մօտէն ճանչնալու Միջին Արեւելքի հայրերը բոլորուած Ս. Պետրոսի յաջորդին շուրջ, փոխանակելով իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ իրականութիւնը եւ ապրումները։ Եթէ կարելի չեղաւ լուծումներ գտնել բոլոր արծարծուած հարցերուն, սակայն ունեցանք աւելի պայծառ տեսութիւն մը Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն ու անոնց ակնկալութիւններուն։

''Խաղաղութեան իրականացումին համար բնաւ պէտք չէ վհատիլ։Խաղաղութիւնը կարելի է, խաղաղութիւնը ստիպողական է'' Այս եղաւ սրտառուչ կոչը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսական սիւնոդոսի փակման պատարագին, մատուցուած՝ Ս. Պետրոս տաճարը մասնակցութեամբ՝ Սիւնոդոսական Հայրերու։

Իր քարոզին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց հարկաւորութիւնը երաշխաւորելու ճշմարիտ կրօնքի եւ խիղճի ազատութիւնը։ Հետապնդել համամիութեան ճանապարհը ու երկխօսութիւնը մահմեատականներուն հետ։ Հաւատացեալները աղօթեցին նախապաշարումի ու թշնամանքի պատի փլուզումին համար, ինչպէս նաեւ Աւետարանի հարստահարեալներու օգնութեան հասնելու համար։

Հրեշտակ Տեառն աղօթքին, Նորին Սրբութիւնը վերակոչեց միսիոնարական օրը։ Աւետարանի քարոզութիւնը չի նշանակեր յեղաշրջել աշխարհը, այլ բարեփոխել զայն Քրիստոսի զօրութեամբ։

Ապա Սրբազան Հայրը յիշեցուց թէ՝ բոլոր կնքուածները կանչուած են քարոզելու փրկութեան Աւետարանը, մատնանշելով որ Եկեղեցւոյ միութիւնը բանալին է Աւետարանի առաքելութեան յաջողութեան։

Իսկ այս առաւօտ՝ (Երկուշաբթի 25 հոկտեմբեր 2010), նորին սրբութիւնը ընդունեց Տիար Ժէյմս Միշելը՝ Սէյշելի Հանրապետութեան Նախագահը եւ իրեն ընկերացող շքախումբը։

Ժամը 11.30ին Սրբազան Հայրը ընդունեց փրոֆ. Երզի Պուզէքը Եւրոխորհրդարանի Նախագահը։ Ժամը 11.50ին Գերապայծառ Ռոպէրթ Զոլլիցխ՝ Գերմանիոյ ֆրէյպուրկ իմ Պրէյզկաուի Արքեպիսկոպոսը եւ նախագահը՝ գերմանիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասին. իսկ ժամը 12.15 Գլէմէնդինա սրահին մէջ ընդունեց ՜՜Էրիք Փիդրսընի՝՝ ի պատիւ կազմակերպուած՝ գիտաժողովին մասնակիցները թիւով 100 հոգի։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.