2010-10-25 16:12:48

«ՏԱԹԵՒԻ ԹԵՒԵՐ» Ճոպանուղին Պաշտօնապէս Արձանագրուած Կիննէսի Համաշխարհային Մրցանիշներու Գիրքին մէջ։


՝՝Տաթեւի թեւեր՝՝ ճոպանուղին պաշտօնապէս արձանագրուեցաւ Կիննէսի համաշխարհային մրցանիշներու գիրքին մէջ։ Կիննէսի Համաշխարհային մրցանիշներու գիրքին ներկայացուցիչ Քարիմ Վալերիոն վկայագիրը յանձնեց Տաթեւի Ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի տնօրէն Բեկոր Փափազեանին։ Վկայագիրը յանձնելէ ետք Վալերիոն լրագրողներուն յայտնեց, թէ շատ սահուն էր ճոպանուղիին ընթացքը ՝՝Շատ զգացուած եմ եւ շատ տպաւորուած՝՝ըսաւ ան։ Ան առաջին անգամ ըլլալով կայցելէ Հայաստան, սակայն, իր խօսքերով, Հայաստանի մասին արդէն իսկ որոշ տպաւորութիւն մը կազմած է Արարատի լուսանկարները դիտելով։
Ինչ կը վերաբերի ճոպանուղիին թեքնիք կարելիութիւններուն,Վալերիոն նշեց, թէ ՝՝Տաթեւի Թեւեր՝՝ ճոպանուղին ունի թեքնիք առանձնայատկութիւններ։ Իր կարգին, Տաթեւի Ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Բեկոր Փափազեանը ըսաւ, թէ Կիննէսի համաշխարհային մրցանիշներու գիրքին մէջ Հայաստանի արձանագրութիւնը ոչ միայն պիտի նպաստէ Հայաստանի ճանաչելիութեան, այլ նաեւ պիտի զարգացնէ զբօսաշրջութիւնը։ Նշենք որ ՝՝Տաթեւի Թեւեր՝՝ ճոպանուղին Հարիձորը կը միացնէ Տաթեւ գիւղին։ 5,7 քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող ճոպանուղիին կառուցումը տեւած է 11 ամիս եւ արժած 13 միլիոն Էուրօ։ Անիկա մրցանշային է, այն իմաստով որ առանց կանգ առնելու ընթացող ամէնէն երկար ճոպանուղին է։







All the contents on this site are copyrighted ©.