2010-10-24 12:40:54

Արեւելեան Եկեղեցիներու Յատուկ Սիւնոդոսին Փակման Սուրբ Պատարագ Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ։


Կիրակի 24 հոկտեմբեր 2010, առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Վատիկանի՝ Ս. Պետրոս Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ եկեղեցիներուն նուիրուած յատուկ սիւնոդոսի փակման Համապատարագը նախագահութեամբ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանաապետին եւ մասնակցութեամբ Միջին Արեւելքի Սիւնոդոսական Հայրերու։ Նշենք թէ Միջին Արեւելքի կաթողիկէ եկեղեցիներու յատուկ սիւնոդոսը տեղի ունեցաւ Վատիկանի սիւնոդոսի սրահին մէջ 10 - 24 հոկտեմբեր, ''Կաթողիիկէ Եկեղեցին Միջին Արեւելքի Մէջ, Հաղորդութիւն եւ Վկայութիւն'' բնաբանով ։

Սրբազան Քահանայաապետին հետ համապատարագեցին 177 սիւնոդասական Հայրեր`19 Կարտինալ, 9 Պատրիարք, 72 Արքեպիսկոպոս, 67 Եպիսկոպոս, 10 Քահանայ եւ 69 օգնականներ։

Խորան բարձրացան Մարոնիներու Կարտինալ Նասրալլա Սֆէյրը` Քաղտէացիներու Կարտինալ Էմմանուէլ Տէլլին, Արեւելեան Ժողովի Կառավարիչը` Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին, Ասորիներու Պատրիարք` Ինքնատիոս Եուսէֆ Եունանը, սիւնոդոսի ընդհանուր տեղեկատու Անթոնիոս Նակիպը` ղպտիներու Պատրիարք, սիւնոդոսի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլա Էդէրովիչ եւ սիւնոդոսի յատուկ քարտուղար Կիպրոսի Մարոնիթներու արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Ժոզէֆ Սուէյֆը։

Պատարագի ընթացքին արտասանուեցան արեւելեան զանազան լեզուներով աղօթքներ եւ կատարուեցան հոգեւոր երգեցողութիւններ իսկ սպասարկութիւնը կատարեցին արեւելեան եկեղեցիներու Սարկաւագներ՝ եւ նորընծաները։

Սրբազան արարողութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը իր քարոզին մէջ խօսեցաւ սիւնոդոսական ժողովին կարեւորութեան մասին ''այս առաւօտ, ըսաւ ան, թողելով սիւնոդոսական սրահը եկանք միասին աղօթելու։Գուցէ գոհունակակութիւն ունենանք մեր արժանիքները յայտնելու Տիրոջ` մտածելով այս օրերու մեր տարած աշխատանքին ճիգերուն եւ ջանքերուն` բայց երկինքի արքայութեան ձգտելու համար աղօթքը պէտք է բխի խոնարհ եւ համեստ սրտէ մը։ Ընդունինք ուրեմն որ ամէն բան կու գայ Տիրոջմէն եւ թէ միայն Իր շնորհքներով կարելի է իրագործել Սուրբ Հոգւոյն ներշնչումները։ Միայն այսպէսով մենք կրնանք դառնալ մեր տուները ''աւելի հարուստ'' եւ պատրաստ՝ ընթանալու Աստուծոյ Ճանապարհին վրայ''։

Սիւնոդոսական ժողովը` որ կը փակուի այսօր` ունէր իբրեւ բնաբան գործ առաքելոցի այս նախադասութիւնը ''հաւատացեալներու հասարակութիւնը ունէր մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի''։ Այս իրողութեան փորձառութիւնը ապրեցանք անցեալ օրերուն որոնց ընթացքին բաժնեկից եղանք միջին արեւելքի քրիստոնեաներու ուրախութեան, ցաւերուն եւ մտահոգութիւններուն։ Ապրեցանք Եկեղեցւոյ Միութիւնը իր զանազանութեան մէջ։ Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեամբ դարձանք մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ մէջ։

Այս սիւնոդոսի առաջնակարգ մտահոգութիւններէն մին եղաւ Միջին Արեւելքի իւրայատուկ եկեղեցիներու ներքին ''հաղորդութիւնը'' ինչպէս նաեւ հաղորդակցութիւնը քոյր եկեղեցիներու հետ։

Միջին արեւելքի քրիտոնեաներուն կը կրկնենք, Յիսուսի ուղղած հետեւեալ նախադասութիւնը ''Մի վախնար հօտ փոքրիկ որովհետեւ ձեր Հայրը հաճեցաւ տալ ձեզի արքայութիւնը''։ Նոյնիսկ եթէ հոն ապրող քրիստոնեաները հազուաթիւ են անոնք Աստուծոյ Սիրոյն ''Բարի Աւետիսը`Պատգամը'' տարածողներն են։ Այն սէրը ծնունդ առաւ Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեամբ Սուրբ Երկրի մէջ։

Շատ ժամանակէ ի վեր միջին արեւելքը կը տառապի պատերազմէ, ուժգնութենէ եւ բռնաբարութենէ։ Խաղաղութիւնը որ Աստուծոյ պարգեւ մըն է, արդիւնքն է բարի կամք ունեցող մարդոց, կառավարիչներու եւ միջազգային քաղաքականութեան ջանքերուն։ Պէտք չէ որ վհատինք խաղաղութեան ձգտելու որովհետեւ խաղաղութիւնը կարելի է իրագործել եւ մանաւանդ հրամայական է։ Աղօթենք միջին արեւելքի խաղաղութեան համար։

Կրօնի իսկական ազատութիւնը եւ մարդկային իրաւունքները պաշտպանելը պէտք է հանդիսանայ ամէն մէկ կառավարութեան ու երկրի ձգտումը ։ Այս իրաւունքները շատ անգամ ժխտուած են միջին արեւելքի մէջ ։ Ասոր համար քրիստոնեաներու եւ իսլամներու միջեւ երկխօսութիւնը շատ կարեւոր է։

Սրբազան Քահանաայաապետը եզրափակելով խօսքը ըսաւ ''Սիւնոդոսի նիստերու ընթացքին շատ անգամ վերակոչուեցաւ ներքին նորոգութեան եւ Աւետարանի պատգամի վերադարձի եւ նոր աւետարանացումի կարիքը միջին արեւելքի մէջ։Տարածուած նիւթ մըն է այս ու ահա թէ ինչու որոշեցի 2012ի համար հռչակել եպիսկոպոսական սիւնիոդոս մը նուիրել ՚''նոր աւետարանացումի''։

Սիրեցեալ Եղբայրներ ու քոյրեր այս օրերու փորձառութիւնը ձեզի կը փաստէ որ առանձին չէք։ Սուրբ Աթոռը եւ Տիեզերական Եկեղեցին ձեր հետն է։ Այս սիւնոդոսի արդիւնքները յանձնենք բարեխօսութեան Աստուածամօր որ է նաեւ եկեղեցւոյ եւ խաղաղութեան մայրը։

Սուրբ Պատարագի Արարողութեան աւարտին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն։ Աղօթքէն ետք նորին սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը հաւաքուած հոծ բազմութիւնը, ժամանած՝ տարբեր երկիրներէ։
Ան իր խօսքին մէջ յիշեց ''առաքելութեան համաշխարհային օրը'' խնդրելով ներկաներէն որ աղօթեն նաեւ՝ միջին արեւելքի ժողովուրդներուն համար։
Սրբազան Քահանայապետը յատուկէն բարեւեց նաեւ իտալացի ''Հռոմի եւ Լացիոյի Ուղիները'' կոչուած կազմակերպութեան մասնակցողները որ աւանդական տարազներով ներկայ էին հրապարակի վրայ։
Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը տուաւ իր օրհնութիւնը ու մաղթեց բոլորին բարի կիրակի։







All the contents on this site are copyrighted ©.