2010-10-24 09:34:12

 ՀԱՅԱԶԳԻ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԴԷՄՔԵՐ


Իշխան Յովսէփ Արղութեան (1863-1925).
Հայկական Ազատամարտի Դաշնակցական Ասպետը

Խանասորի Արշաւանքին փոխ-հրամանատար Իշխանն էր ան, որուն քաջութիւնը հայ աշուղները անմահացուցին ՝՝Աջից՝ Վարդանը, ձախից՝ Իշխանը երգելով՝՝։

Աւետիս Ահարոնեանի վկայութեամբ՝՝հայկական ազատագրական պայքարին անձնուէր ու փառապանծ վեթերան՝՝ն էր ան, որուն կեանքը այնքան հարուստ եղաւ ու այնքա՜ն բարի։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդին ամէնէն ազնուական մարտիկն էր ան, որուն կեանքը կիսուեցաւ կռուի ու պայքարի դաշտերուն եւ ռուսական ու պարսկական բանտերուն միջեւ։ Եւ Յովսէփ Արղութեան, Դաշնակցութեան աւազանին մէջ ՝՝Տաչօ՝՝ ու ՝՝Երուանդ՝՝ անուններով մկրտուած, բայց իբրեւ Խանասորի Իշխան հռչակուած՝ վերապրեցաւ կենաց-մահու բոլոր ճակատումներէն եւ տաժանակիր բանտարկութիւններէն ու աքսորներէն։ Հայ Կամաւորական Գունդի հրամանատար եղաւ, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի փոխ-նախաահութիւնը ստանձնեց, 1919ին Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովին նախագահեց եւ Պարսկաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպանի պատասխանատուութեան կոչուեցաւ՝ իր անձով ու գործով սերունդներուն կտակելու համար, որ սոսկ կարգախօս չէ ՝՝Պայքար, պայքար մինչեւ յաղթանակ՝՝ ուխտը, այլեւ արեան ու գերագոյն զոհաբերութեան նով նուաճուած Դաշնակցական Ուղի է ի խնդիր Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատարութեան։

Ահա ա՛յս տարողութեամբ հայ ազգային-քաղաքական եւ գաղափարական -յեղափոխական մեծանուն գործիչի մահուան 85րդ տարելիցը ոգեկոչեցինք 15 Հոկտեմբերին ։
Յովսէփ Արղութեան լոռեցի էր, Սիմոն Զաւարեանի հայրենակից։ 1863ին ծնած էր Սանահին գիւղը, ուր նախնական իր կրթութիւնը ստանալէ ետք, 1879ին անցած էր Թիֆլիս՝՝Ներսիսեան՝՝ վարժարանի մէջ իր ուսումն ու ազգային-գաղափարական կազմաւորումը ամբողջացնելու համար։

Բարձրագոյն ուսման չհետեւեցաւ Արղութեան։ 1884ին, աւարտելով ՝՝Ներսիսեանը՝՝ անմիջապէս նետուեցաւ ուսուցչական ասպարէզ՝ հինգ տարի պաշտօնավարելով Թիֆլիսի հայկական ծխական վարժարաններուն մէջ։ Միաժամանակ՝ ան հիմնադիր եւ աշխոյժ մասնակիցը դարձաւ Թիֆլիսի հայ երիտասարդութիւնը վարակած յեղափոխական խմորումներուն։
1889ի ամրան, երկու ընկերներու հետ, ՝՝Երիտասարդ Հայաստան՝՝ խմբակին կողմէ Յովսէփ Արղութեան ուղարկուեցաւ Արեւմտեան Հայաստան, մօտէն ուսումնասիրելու համար Երկիրը, հայութեան պարտադրուած կեանքի դաժան պայմանները, ինչպէս նաեւ ազգային-ազատագրական պայքարի շղթայազերծման եւ կազմակերպման հնարաւորութիւնները։ Այդ առաքելութեամբ, իբրեւ ուխտաւոր, հասաւ մինչեւ Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետի վանքը եւ, ամբողջ ուղեւորութենէն իր հաւաքած գիտելիքով ու կրած խոր տպաւորութիւններով, տարի մը ետք վերադարձաւ Թիֆլիս, ուր Հայ Յեղափոխականներու Դաշնակցութիւնը արդէն հիմնուած էր եւ լծուած եռուն գործունէութեան։ Արղութեան ամբողջապէս փարեցաւ դաշնակցական Գործին։1917ին եւ 1918ին քաղաքական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեց՝ Արեւելահայոց Ազգային Համագումարին նախագահ ընտրուելով, ապա՝ Հայոց Ազգային Խորհուրդին մաս կազմելով, Մայիսեան հերոսական ճակատամարտներուն մասնակցելով եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ ու փոխ-նախագահ ընտրուելով։ Իսկ երբ Դաշնակցութիւնը 1919ին հայրենի հողի վրայ պատմական իր առաջին հաւաքը՝ 9րդ Ընդհանուր Ժողովը ումարեց Երեւանի մէջ, Իշխան Արղութեանի վիճակուեցաւ ժողովին նախագահութիւնը վարելու պատասխանատուութիւնը։

1920ին Իշխան Յովսէփ Արղութեան նշանակուեցաւ Իրանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը։ Ձեռնհասութեամբ վարեց դիւանագիտական այդ պատասխանատուութիւնը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի համար ծայր աստիճան զգայուն այդ հանգրուանին։ Բայց առողջական վիճակը գահավէժ ընթացքի մէջ էր։ 1922ին ընտանեօք փոխադրուեցաւ Փարիզ, ուր տնտեսական ծայր աստիճան անձուկ պայմաններու մէջ ամբողջապէս քայքայուեցաւ անոր առողջութիւնը։

15 Հոկտեմբեր 1925ին իր վերջին շունչը փչեց հայ յեղափոխական շարժման ասպետական շունչն ու կամքը խորհրդանշող մեծանուն հայը, դաշնակցական ռահվիրան՝Յովսէփ Արղութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.