2010-10-23 13:05:34

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Նորին Սրբութիւնը Ուրբաթ 22 հոկտեմբերին, իր գրասենեակին մէջ ընդունելով՝ Սլովենիnյ նոր դեսպանը՝ տիկին Մայա Լովրենչիչ Սվեթէք, Սրբազան Հայրը իր խնդակցութիւնը յայտնեց որ Սլովէն կառավարութեան որդեգրած օրէնքը՝ ՜՜ի պաշտպանութիւն Եուկnսլավ թափառաշրջիկներուն՝՝։

Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց Սլովենիոյ կառավարութիւնը շարունակելու՝ իր այս շինիչ ընթացքը, ամոքելու ցաւերը բոլոր անոնց որոնք կորսնցուցած են իրենց քաղաքացիական իրաւունքը։

Ապա, Սրբազան Հայրը ընդունեց տիար Լուի Լաթոռ Դաբիան Էքուատորի նոր դեսպանը։ Իր արտասանած ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ որ եկեղեցին կարող չէ չէզոք մնալ քաղաքական մեծ հարցերու ի տես։ Թէեւ եպիսկոպոսներու պաշտօնը չէ միջամուխ ըլլալ քաղաքական բանակցութիւններուն, սակայն չեն կարող անտարբեր մնալ երբ արդարութեան ու կեանքի պաշտպանութեան հարցեր կան։ Յայտնենք թէ վերջերս Էքուատորի եպիսկոպոսները կառավարութենէն խնդրած են արդար որոշումներ որդեգրել բոլորին բարիքին համար, յիշեցնելով թէ երկրին հարստութիւնները բոլորին կը պատկանին։

Հուսկ Սրբազան Հայրը ընդունելով Փորթուկալի նոր դեսպանը՝ տիար Մանուէլ Բերէյրան, հրաւիրեց երկրի ղեկավարները պաշտպանը հանդիսանալու բարոյական ու հոգեւոր արժէքներուն։ Ապա Նորին Սրբութիւնը վերակոչեց անցեալ մայիս ամսոյն կատարած իր առաքելական ճամբորդութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.