2010-10-23 14:06:47

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Փակման Նիստը։


Ուրբաթ 22 Հոկտեմբեր 2010-ի՝ յետ միջօրէին սիւնոդոսական նիստի ընթացքին ընթերցումը կատարուեցաւ սիւնոդոսի եզրափակիչ պատգամի վերջնական թղթածրարին որ շարադրուած էր պաշտօնական չորս լեզուներով ֆրանսերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ իտալերէն։
Պատգամը կը բովանդակէ եօթը համարներ, նաեւ՝ յառաջաբան եւ վերջաբան մը։

1- Եկեղեցին միջին արեւելքի մէջ ՜՜հաղորդութիւն եւ վկայութիւն՝՝ պատմութեան ընթացքին - միջին արեւելքի մէջ հաւատքի ճանապարհը։
2- Հաղորդութիւն եւ Վկայութիւն միջին արեւելքի կաթողիկէ եկեղեցիներէն ներս։ Կոչ մը ուղղուած միջին արեւելքի հաւատացեալներուն` քահանաներուն` կրօնաւոր կրօնաւորուհիներուն եւ նուիրեալ անձերուն։ Անդրադարձ Հիւանդներուն` հալածուածներուն` քրիստոնեայ ընտանիքներուն ու մանաւանդ Կիներուն որ ընկերութեան մէջ մեծ դեր ունին։ Կոչ մը նաեւ Կաթողիկէ կառոյցներուն դաստիարակչական կազմին ու պատասխանատուներուն. Երիտասարդ երիտասարդուհիներուն` ընկերային մարզէն ներս գործիչներուն` հաղորդամիջոցներուն` սփիւռքի հաւատացեալներուն եւ գաղթականներուն
3- Հաղորդութիւն եւ Վկայութիւն միջին արեւելքի Օրթոտոքս եւ Բողոքական եկեղեցիներու հետ։
4- Համագործակցութիւն եւ երկխօսութիւն հրեայ քաղաքացիներու հետ
5- Համագործակցութիւն եւ երկխօսութիւն իսլամ քաղաքացիներու հետ
6- Հանրային Կեանքի Մասնակցութիւն ` կոչ կառավարութիւններուն եւ քաղաքական գործիչներուն
7- Միջազգային հասարակութեան կոչ որ մոռացութեան չի մատնէ միջին արեւելքի քրիստոնեաներու ճակատագիրը

Վերջաբան։ Շարունակել Աստուածային կեանքի վկայութիւնը որ յայտնուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ
Պատգամը կը պարունակէ նաեւ՝ սիւնոդոսական հայրերու խոստովանութիւն մը։
- մենք չ̓ըրինք այն ինչ որ կրնայինք ընել մեր հասարակութիւններէն ներս ապրելու հաղորդութիւնը։
- Բաւականաչափ չ՛աշխատեցանք հաստատելու մեր հաւատացեալները իրենց հաւատքին մէջ։
Տէրը մեզ կը հրաւիրէ անձնական եւ հաւաքական ապաշխարութեան։
Ի վերջոյ սիւնոդոսական հայրերու ճանապարհորդութիւնը յանձնուեցաւ Աստուածամօր հովանիին։

Պատգամի ընթերցումէն եւ քուէարկութենէն ետք տեղի ունեցաւ ՜՜յետ սիւնոդոսի խորհուրդի՝՝ ընտրութիւնը։ Ընտրուեցաւ ամէն եկեղեցւոյ մէկ ներկայացուցիչ թիւով ութը որոնց պիտի աւելնան երեք անդամնեը անուանուած սրբազան քահանայապետի կողմէ։

Ղպտի եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ ընտրուեցաւ Անդոնիոս Նակիպ Պատրիարքը
Ասորի եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ ընտրուեցաւ Եուսէֆ Եունան Պատրիարքը
Յոյն Մելքիթ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչ` Գերապայծառ Սալիմ Պուսդրոս
Մարոնի Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ` Գերապայծառ Պշարա ըլ Րաիի
Գաղտէացիներու ներկայացուցիչ՝ Գերապայծառ Անդոնիո Աուտո
Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկաայացուցիչ՝ Գերապայծառ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեան Առաջնորդը՝ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքին։
Իսկ Երուսաղէմի լատին եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ Միշել Սապպահ Պատրիարքը եւ Սուրբ Աթոռի կողմէ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին։
Սրբազան Քահաանայապետը անուանեց հետեւեալ երեք անդամները Կարտինալ Ժան Լուի Թորան միջեկեղեցական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` Իրագի Գաղտէացիներու եպիսկոպոս՝ Շլէմոն Ուարտունին եւ Կիպրոսի Մարոնիներու եպիսկոպոս՝ Ժոզէֆ Սուէֆը։







All the contents on this site are copyrighted ©.