2010-10-23 12:52:13

Հաճըն-ի Հերոսամարտի 90-Ամեակը.


Հայերու Կիլիկիա բնակութիւնը կը սկսի չորրորդ դարէն։
Կիլիկիոյ հայութիւնը կը բազմանայ երբ Անիի, Կարսի, Բագրատունիներու Արծրունեաց թոռները՝ 1045-էն սկսեալ մեծ թիւով կը գաղթեն Կիլիկիոյ լեռնային եւ դաշտային վայրերը, ուր այդ ժամանակներուն բիւզանդական կայսրութեան հարաւ-արեւելեան երկրամասն էր։ Գաղթող հայերը, առաջին հերթին կը տեղաւորուին Հաճըն ու շրջակայ գիւղերը, որոնց լեռնային տարածքը հիւսիսէն թուրք-սելճուկ ասպատակներու դէմ բնական ամրութիւն կը տրամադրէր։
1080-էն մինչեւ 1375 գոյատեւած հայկական Կիլիկիոյ պետականութենէն ներս հաճընցիք, տնտեսութեան, արհեստի ու արուեստի զարգացման ասպարէզներէ ներս կ՝ընձեռեն կարեւորագոյն մասը։ 15-րդ դարու վերջաւորութեան, Կիլիկիոյ տարածքին յայտնուած թուրքերը, յաճախակի անգամներ կը փորձեն իրենց տիրապետութեան ենթարկել լեռնային Հաճընը եւ սակայն չեն յաջողիր։ Հաճըն կ՝ապրէր իր ներքին վարչական անկախութեամբ եւ ձեւականօրէն միայն ենթակայ էր օսմանեան կայսերապետութեան։ 1908ի Ապրիլին, տեղի կ՝ունենայ Ատանայի ողբերգրական ջարդը, որուն զոհ կերթան 30 հազար հայեր։ Հաճըն եւ Սիս իրենց հերոսական դիմադրութեամբ կը կարողանան ետ մղել երիտ-թուրքերը։
1915-ի Ապրիլին, հայութեան վիճակուած ցեղասպանութեան ծրագրուած պատուհասէն սակայն Հաճընցիք խուսափիլ չկարենալով՝ 35 հազար հոգիներով կը դատապարտուին կարաւաններով ուղեւորուիլ 600 քիլոմեթր հեռու, արհաւիրքի վերջին հանգրուան՝ Տէր Զօրի անապատը։ Այս ողջակիզումէն կը կարողանան փրկուիլ միայն վեց հազար հաճընցիներ ու վերադառնալ աւերակուած երկիրը, հաւատալով տեղւոյն ֆրանսական գաղթային իշխանութեանց, որոնք 1918ի զինադադարէն ետք իրենց զօրքերը Կիլիկիա համախմբելով - բացի Հաճընէն - խոստացեր էին հայերուն՝ ազատութիւն ու անկախութիւն։ Համընդհանուր ոգեւորութեան այս ժամանակներուն, մոխրացած աւերակներէն դուրս կուգան կրկին Կիլիկիոյ հայ բնակավայրերը, որոնց կարգին նաեւ Հաճընը, ուր կը սկսի վերհնչել հաճընցիներու հնագոյն բարբառը։ Կը վերակառուցուին դպրոցները, մշակոյթի կեդրոնները ու կը վերականգնի Հաճնոյ քանդուած տնտեսութիւնը։
Ասիկա ալ սակայն երկար չի տեւեր, որովհետեւ քեմալական զօրքերը ու թուրք հրոսակները դարձեալ լուրջ սպառնալիքի կենթարկեն Կիլի-կիոյ հայութեան գոյութիւնը։
Կիրակի 24 Հոկտեմբերին (2010) Յունաստանի մէջ,Նէոս Գոզմոսի Սուրբ Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ,նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Հաճնոյ հայրենակցական միութեան, հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի մատուցմամբ եւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութեանբ կը նշուի ՀԱՃՆՈՅ հերոսամարտի 90-րդ տարեդարձը։ Ոգեկոչումը Կիլիկեան արծուեբոյնին Հաճնոյ հերոսամարտին, որ իր անցեալ փառքով գոյապայքարի մեր միւս խիզախումներու կողքին լուսաւոր էջ մը կը կազմէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.