2010-10-22 13:56:10

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը։


Հինգշաբթի 21 հոկտեմբեր 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց.
Կարտինալ Իվան Տիազ` կառավարիչը ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովին։
Նախապէս Սրբազան Հայրը ընդունեց տիար Պոկտան Թաթարու Գազապան` Ռումանիոյ նոր դեսպանը, հանդիպումին տեղի ունեցաւ հաւատարմագերու ներկայացում։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած ճառին մէջ ընդգծեց Ռումանիոյ ժողովուրդին կրած տառապանքը համայնավարութեան տարիներուն, մաղթելով որ երկրին ղեկավարները կարենան դարմանել ժողովուրդին խոր ցաւերը ու պաշտպանել զանոնք անցեալի անարդարութիւններէն։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Տիար Հան Հոնկ Սուն` Հարաւային Գորէայի նոր դեսպանը, որ ներկայացուց իր հաւատարմագերու Սրբազան Հօր։ Նոր դեսպանը ունկնդրութեան ընթացքին պաշտօնապէս հրաւիրեց Սրբազան Քահանայապետը այցելելու Հարաւային Գորէան մատնանշելով որ Հարաւային Գորէայի բնակիչները անհամբեր կը սպասեն Սրբազան Քահանայապետի այցելութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.