2010-10-22 13:56:56

Յունաստանի Ռոտես կղզիին մէջ տեղի կ'ունենայ կաթողիկէ- օրթոտոքս երկրորդ հաւաքը։


Կ.Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարք Բարթողոմէոս Բ.ի հրաւէրով Ռոտոսի մէջ տեղի կ՝ունենայ կաթողիկէ- օրթոտոքս եկեղեցիներու երկրորդ հաւաքը։ Ժողովին նիւթն է ՜՜Եկեղեցի-պետութիւն աստուածաբանական եւ պատմական հեռանկարներ՝՝ը։ Հունգարացի կարտինալ Էրտօ իր կատարած զեկոյցին մէջ, մաղթանք յայտնեց որ այս հանդիպումը սատարէ համամիութեան, եւ խթանէ Եւրոպայի քրիստոնեայ հաւատացեալները աւելի յանձնառումով զբաղին քաղաքականութեամբ զարկ տալու հանրային կեանքին։







All the contents on this site are copyrighted ©.