2010-10-22 13:56:37

Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Յատուկ Սիւնոդոսը Կը Հասնի Իր Աւարտական Հանգրուանին։


Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու յատուկ սիւնոդոսը կը հասնի իր եզրափակիչ նիստերուն, եւ այսօր Ուրբաթ 22 Հոկտեմբերի յետ միջօրէին՝ սիւնհոդոսական նիստը կը շարունակուի ներկայացնելով եւ քուէարկելով ՜՜Սիւնհոդոսի Եզրափակիչ Պատգամը՝՝ որուն պիտի յաջորդէ յետ սիւնհոդոսի խորհուրդի ընտրութիւնը։
Նշենք թէ՝ Հինգշաբթի օրուան նիստի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը բոլոր սիւնոդոսական հայրերուն եւ մասնակցողներուն նուիրեց արուեստագէտ Ճիամպաթթիսդա Թիէփոլոյի Տիրամօր Վերափոխումը պատկերացնող պրոնզէ մետալ մը գործը Սավի Եղբայրներուն։ Այս յուշանուէրը կ̓ ուզէ վերակոչել Պիոս ԺԲ Մարեմեան վարդապետութիւնը եւ կռուզէ խորհրդանշել Միջին արեիելքի եկեղեցիներու յանցնումը Աստուածածնայ Հովանաւորութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.