2010-10-22 13:52:59

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵՆԷՆ


Քրիստափոր Կարա Մուրզա (1853-1902)

Քրիստափոր Կարա Մուրզա ծնած է 1853-ին Կարասուբազար քաղաքը, որ այժմ կը կոչուի Բելոգորսք, եւ կը գտնուի Խրիմի մէջ, Ուքրանիա։

8 տարեկանին արդէն սկսած է դաշնամուր եւ սրինգ նուագել, ապա կամաց կամաց կը զարգանայ երաժշտական գիտութեանց մէջ։

Երիտասարդ տարիքին` կը սկսի կազմակերպել եւ բեմի վրայ հրամցնել համերգներ եւ թատերական խումբեր. 1882-ին կը մեկնի Թիֆլիս, ապա` Պաքու եւ կը հաստատուի 1885-էն սկսեալ Թիֆլիսի մէջ, ուր կու տայ առաջին բազմաձայն համերգը հայկական հայրենասիրական երգերու, Գրիգոր Արծրունիի հիմնած Թատրոնին մէջ։ Ամբողջ Կովկասի մէջ` կը ստեղծէ 90-էն աւելի երգչախումբեր։

Իր յոյժ կարեւոր գործունէութիւններէն մին կը կայանայ, նման Կոմիտաս Վարդապետի, հաւաքելու մէջ ժողովրդական երգերը, զորս կը մշակէ եւ քառաձայն երգեցողութեան կը վերածէ, որմէ ետք` կը հրամցնէ ժողովուրդին, համերգներու ընթացքին, մեծ խանդավառութիւն յառաջացնելով հայաբնակ կեդրոններու մէջ։

1887-ին, Պաքուի մէջ, առաջին անգամուայ համար իր բազմաձայն պատարագը երգել կու տայ։ Նոյն քաղաքին մէջ կը ներկայացնէ Կունոյի Ֆաուստ օփերայէն հայերէնի թարգմանուած հատուածներ։ 1892-93 թուականներուն զինք կը գտնենք որպէս ուսուցիչ երաժշտութեան` Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին մէջ։

1895-էն սկսեալ Թիֆլիսի մէջ կը ջամբէ յատուկ դասընթացքներ խմբավարներու համար, կ՛ըլլայ Գրիգոր Արծրունիի հրատարակած՝ Մշակ թերթին երաժշտական թղթակիցը եւ շահեկան յօդուածներ կը ստորագրէ, Թիֆլիսի հայ եւ վրացական երաժշտութիւններու մասին 19-րդ դարուն։

Քրիստափոր Կարա Մուրզան յօրինած է երգեր հայ բանաստեղծներու խօսքերով, օփերաներու նուագներ, ինչպէս նաեւ առանց նուագարանի ընկերակցութեան` զանազան խմբերգներ։ Իրեն կը վերագրուին 300 խմբերգներու մշակում, ինչպէս նաեւ ժողովրդական երգեր որոնք մինչեւ այսօր տակաւին կ՛երգցուին։

Յիշենք իր յօրինած երգերէն` Ծիծեռնակ, Դու զով խնդրես, Անցար սարեր, Անի քաղաք, Ալագեազ, Քեզի մեռնիմ, Գացէք տեսէք, Խորոտիկ, Զինչ ու զինչ, Լեպհօ լէլէ, եւայլն...։ Ասոնցմէ ոմանք հարցում պատասխանի ձեւով եղած ըլլալով, աւելի աշխուժութիւն եւ շարժում կը ցուցաբերեն։

Կարա Մուրզա յօրինած ու նօթագրած է նաեւ ժողովրդային պարեր եւ կրնանք ըսել թէ արդի ՜՜երգի պարի անսամպլ՝՝ներու նախատիպարը ինք ստեղծած է։

Ժողովուրդի երաժշտական ճաշակն ալ բաւականին բարձրացուցած է իր քննադատական յօդուածներով. Սիրահար մըն էր երաժշտութեան եւ կրնանք ըսել Ռահվիրայ մը, գէթ Կովկասեան շրջանին մէջ, որով շատ քիչ անգամ բացակայեցաւ Թիֆլիսէն, իր բոլոր ջանքերը կեդրոնացնելով այդ հայաշատ եւ մշակութասէր քաղաքին մէջ. Մէկ անգամ միայն կը յիշուի որ մեկնած ըլլայ Կ.Պոլիս, 1887-ին։

Դժբախտաբար շատ երկար չէ ապրած եւ կը մեռնի տակաւին 50 տարիքը չթեւակոխած` 27 մարտ 1902-ին, Թիֆլիսի մէջ։

Կարա Մուրզա եղած է մեր կարողագոյն երաժիշտներէն մին, որ իր երաժշտական հանճարով ու անխոնջ աշխատանքով` յաջողած է ՜՜կորուստէ փրկել շատ մը երգեր եւ տալ ժողովրդական արուեստին հայադրոշմ կոկիկութիւն մը՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.