2010-10-21 13:53:40

Ֆրանսայէն ու Լիբանանէն Խումբ Մը Մտաւորականներու Հանդիպումը Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հետ։


Ուրբաթ 15 Հոկտեմբեր 2010-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, իր գրասենեակին մէջ ընդունեց խումբ մը մտաւորկաններ Լիբանանէն եւ Ֆրանսայէն, որուն մաս կը կազմէին Ֆրանսայէն՝ պատմաբան Դոկտ. Ժերար Չալեան, պատմաբան Դոկտ. Արամ Արքուն, բանասէր Դոկտ. Ռեմոն Գէորգեան եւ Ցեղասպանութեան մասնագէտ Դոկտ. Վահէ Դաշճեան, իսկ Լիբանանէն՝ Անդրանիկ Տագէսեան Հայկազեան համալսարանէն, եւ Դոկտ. Եղիկ Ճէրէճեան:
Յիշեալ մտաւորականները կը մասնակցին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցող Հաճնոյ Հերոսամարտի 90-ամեակին նուիրուած գիտաժողովին:
Վեհափառին հետ հանդիպումը առիթ մը եղաւ արծարծելու Ցեղասպանութեան գծով տեղի ունեցող պատմա-բանասիրական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցեր: Վեհափառը գնահատեց միասնական ու գիտական աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը Հայ ժողովուրդի անցեալին ու ներկային առնչուած խնդիրներու գծով:







All the contents on this site are copyrighted ©.