2010-10-21 14:49:08

Կարտինալական Դասի Հաւաք Յառաջիկայ Նոյեմբեր 20ին։


Կարտինալական Դասի Նոր Անդամներու Նշանակումները Կը Ցոլացնեն Եկեղեցւոյ Տիեզերականութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը Չորեքշաբթի Օրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, յայտնեց իր կամքը կարտինալական ժողով գումարելու յառաջիկայ նոյեմբեր 20ին համար։ Սրբազան Հայրը Եկեղեցւոյ նոր իշխաններու անունը տալով ուզեց ընդգծել ՜՜Եկեղեցւոյ Տիեզերականութիւնը՝՝ հակառակ որ եւրոպացի կարտինալները կը մնան մեծաթիւ քահանայապետ ընտրելու` 62 կարտինալ 121 վրայ, եւ իտալացիներուն թիւը կը մնայ ամենէն բարձրը՝ 25 կարտինալ։ Նորին Սրբութիւնը 20 նոյեմբերին պիտի հանդիսապետէ կարտինալական դասի երրորդ ժողովը, Կարտինալներու 50ը Սրբազան Հայրը նշանակած է, իսկ 71ը երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին կողմէ նշանակուած են։







All the contents on this site are copyrighted ©.