2010-10-21 13:53:53

Լաւագոյն Հայկական Կրթօճախ Մրցումին՝ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանը Արժանացաւ ՜՜Լաւագոյն՝՝ Տիտղոսին։


Հայաստանի Ազգային ակադեմիայի սրահին մէջ 18 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի կողմէ կազմակերպուած Լաւագոյն հայկական կրթօճախ մրցումին մրցանակներու յանձնումը։

Հայկական վարժարաններուն մէջ լաւագոյն տիտղոսին արժանացաւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանը։

Մրցանակակիրներուն ողջոյնի եւ քաջալերանքի խօսքեր արտասանեցին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Ռուսիոյ Հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան։

Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան շեշտը դրաւ Հայաստանի կողմէ սփիւռքի մէջ տարուած կրթական աշխատանքները արժեւորելու երեւոյթին կարեւորութեան վրայ՝ մրցանակաբաշխութիւնը նկատելով Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան կարեւոր հանգրուան մը։

Տ. Ճինպաշեան Ճեմարանը նկատեց սփիւռքի մէջ Հայաստանի մասնիկ մը, ուր գործած են Հայաստանի Հանրապետութեան պետական անձնաւորութիւնները՝ Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Արշակ Յովհաննիսեան, Կարօ Սասունի, Գառնիկ Գոզալեան, նաեւ հայ մշակոյթի կարեւոր դէմքեր՝ Կոստան Զարեան, Բարսեղ Կանաչեան, Հրաչ Տասնապետեան։ Ան հաստատեց, որ այս մրցանակաբաշխութիւնը խորհրդանիշն է այն երեւոյթին, որ չկայ հայաստանաբնակ հայութիւն ու սփիւռքահայութիւն, այլ կայ մէկ, ամբողջական հայութիւն, ինչպէս նաեւ կայ ամբողջական Հայաստան։

Արամ Ա. Ընդունեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Պատուիրակութիւնը։ Արամ Ա. Կաթողիկոսը 14 Հոկտեմբերին. ընդունեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Դոկտ. Միշէլ Նսէյր, Միջին Արեւելքի հարցերու պատասխանատու, Դոկտ. Թամարա, Հաւատք եւ Կարգ Բաժանմունքի պատասխանատուներէն, եւ Դոկտ. Դա Պուտա, Ուղղափառ եկեղեցիներու հետ յարաբերութեանց պատասխանատու: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Բաժանմունքի Վարիչ Գերշ. Տ. Նարեկ Եպս. Ալէեմեզեան: Պատուիրակութիւնը ընհանուր գիծերով տեղեակ պահեց Վեհափառը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ներկայ աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին: Միջ-եկեղեցական կեանքի եւ յատկապէս Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ծիրէն ներս իր ունեցած երկար տարիներու փորձառութեան լոյսին տակ, Արամ Ա. իր տեսակէտները յայտնեց կարգ մը հարցերու ու յատկապէս՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն գծով: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. ՙՀակառակ ներկայ պայմաններուն յառաջացուցած դժուարութիններուն եկեղեցիներու կեանքէն ներս, միջ-եկեղեցական գործակցութիւնը առաջնահերթ տեղ պէտք է գրաւէ եկեղեցիներու կեանքին ու վկայութեան մէջ:՚








All the contents on this site are copyrighted ©.