2010-10-21 13:41:13

Եւրոպայի մէջ պէտք չէ որ ըլլան ՝՝քաղաքական բանտարկեալներ՝՝ կ՝ըսէ Թորբյորն Յագլունդ։


Երեւանի մէջ եզրափակեց իր շխատանքները Եւրոպայի Խորհուրդի ՝՝Յանուն Ժողովրդավարութեան Ապագային ՝՝ ֆորումը։ ԵԽ-ի գլխաւոր քարտուղար Թորբյորն Յագլունդը ֆորումի աւարտին հանդիպում ունեցաւ լրագրողներուն հետ։ Պատասխանելով Հայաստանի բանտերու մէջ գտնուող քաղաքական բանտարկեալներու մասին կայացած հարցումին՝ Յագլունդ յայտարարեց որ ՝՝Եւրոպայի մէջ քաղաքական բանտարկեալներ պէտք չ է որ ըլլան՝՝։
«Չէք կրնար մարդիկը բանտերու մէջ պահել իրենց քաղաքական տեսակէտներուն համար, այդ Եւրպայի պայմանադրութեան դէմ է»(ընդգծեց ան) ։ Միաժամանակ, նշեց թէ ԵԽ–ը ի զօրու չէ անմիջականօրեն միջամտելու այս հարցին։ «Կարող չենք ուղղակիօրեն միջամտելու ձեր ներքին խնդիրներուն ։ Այդ պէտք է լուծուի ձեր ներքին կառավարական հաստատութիւններով ։ Եթէ Եւրոպայի Խորհուրդը ազգային ներքին հարցերը իր վրայ առնէ, դժուար դիրքի վրայ կը մնայ ՝՝ (ըսած է Յագլունդ)։ ԵԽ գլխաւոր քարտուղարը այդպէս նաեւ չպատասխանեց Մարտ 1-ի՝ 10 զոհերու սպանութիւններու բացայայտման մասին կատարուած հարցումին։







All the contents on this site are copyrighted ©.