2010-10-20 13:16:25

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը՝ ՜՜Կնոջ Դերը Եկեղեցւոյ Մէջ՝՝ Նիւթին Մասին։


Չորեքշաբթի 20 հոկտեմբեր (2010) Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի աւելի քան 5 հազար ուխտաւորներուն, որոնք խմբուած էին Ս. Պետրոսի հրապարակը։ Նորին Սրբութիւնը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը ՜՜Կնոջ դերին մասին եկեղեցւոյ մէջ՝՝ ներկայացուց Հունգարիոյ ՜՜Եղիսափէթ տը ֆոլինօ՝՝Թագուհին։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Հունգարիոյ Եղիսափէթ թագուհին, Միջին դարէն մինչեւ այսօր, մեծ հիացում կը պատճառէ։ Արքայական տոհմէն, փոքր տարիքին կը դառնայ Թուրինկի իշխանուհի պսակուելով Լուտովիք իշխանին հետ, որ հարուստ եւ ազդեցիկ եղած էր։

Անոնք փոխադարձաբար իրար կը սիրէին անկեղծ սիրով, Աստուծոյ կամքը կատարելու տոգորուած՝ կնքեցին իրենց սէրը ամուսնութեամբ։ Չհանդուրժելով պալատի յաճախակի փոխզիջումները, Եղիսափէթ յանդուգն եւ քաջ նախաձեռնութիւններով կը համադրէր ապրած հաւատքը առօրեայ կեանքին հետ։

Ան օրինակի համար մերժեց գլխուն վրայ դնել արքայական թագը ի յարգանս իր Թագաւորին` Յիսուս Քրիստոսին որ իր գլխուն վրայ կրեց փուշէ պսակը։ Իր իշխանութիւնը գործադրեց որպէս խոնարհ ծառայութիւն արդարութեան եւ եղբայրօգնութեան, միշտ հետամուտ ըլլալով ընդհանուրին բարիքին։ Անոր սրբութիւնը կը ցոլար իր կառավարութեան եղանակին, ինչպէս նաեւ ամուսնական եւ ընտանեկան կեանքին մէջ։ Իր հոգեւոր կեանքի առաջնորդը եղաւ Ս. ֆրանչիսքոս Ասիզացին, որ իր վարդապետը եղաւ երբ այրի դարձաւ 1227ին, 20 տարեկանին։ Ան հրաժարեցաւ իր բոլոր հարուստութիւններէն եւ զանոնք բաշխեց աղքատներուն։ Եւ իր կեանքին վերջին երեք տարիները աղքատներուն ծառայեց։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Եղիսափէթ իր բոլոր կեանքին ընթացքին եղաւ թագուհի, հարս, մայր եւ նուիրեալ տիկին մը։ Հունգարիոյ Եղիսափէթը եղաւ սքանչելի հարս մը եւ եղբայրօգնութեան մեծ սրբուհի մը։ Թող անոր լուսաւոր օրինակը, այսօր մեզի սորվեցնէ տեսնել կարօտեալներու մէջ Խաչեցեալ Քրիստոսի դիմագիծը աղքատ եւ հեզ։

Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները մաղթելով անոնց որ Հունգարիոյ Եղիսափէթի օրինակը առաջնորդէ բոլորը դէպի Քրիստոս։ Ձեզի ամէնուդ, ըսաւ Նորին սրբութիւնը, կը մաղթեմ բարի ուխտագնացութիւն եւ թող Տէրը օրհնէ ձեզ, ։

Հուսկ՝ Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն յիշեցնելով որ հոկտեմբեր ամիսը մեզ կը հրաւիրէ վերանորգելու մեր գործօն համագործակցութիւնը Եկեղեցւոյ առաքելութեան։ Ձեր աղօթքի ու զոհողութեան կեանքով , աւելցուց Նորին Սրբութիւնը, գիտցէք ըլլալ Աւետարանի քարոզիչները։ Ձեզ ամէնքդ կը յանձնարարեմ Երկնային Մօր, որպէսզի վեհանձնութեամբ՝ համապատասխանէք Տիրոջ կանչին։

Ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց իր կամքը կարտինալական ժողով մը գումարելու յառաջիկայ նոյեմբեր 20ին նշանակելու համար

շուրջ 25 նոր կարտինալներ ։

Նշենք թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը երկու անգամ կարտինալական նշանակումներ կատարած է։

Առաջինը 24 մարտ 2006ին եւ երկրորդը 24 նոյեմբեր 2007ին նշանակելով 38 կարտինալներ։

Սրբազան Հայրը միշտ ուզած է յարգել երջանկայիշատակ Պօղոս Զ քահանայապետի որոշումը որ է՝ պահել կարտինալական դասի 120 թիւը ։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.