Պան Քի Մուն. «Լեռնային Ղարաբաղի Տանգապը Պէտք է Խաղաղութեամբ Լուծել.
Եւրոպական Խորհուրդի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Մարդկային Իրաւունքներու եւ Հիմնարար ազատութիւններու
մասին Եւրոպական Դաշինքին 60-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Արարողութեան
հրաւիրուած ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն, Եւրոպական Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար
Թորպիորն Եակլանտի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, յայտարարեց, որ շատ մը շրջանային
տագնապներ, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պէտք է լուծուին խաղաղութեան եւ երկխօսութեան
միջոցով։ Նշենք որ Ազրպէյճան 3 օրուան ընթացքին 75 անգամ խախտած է հրադադարը, եւ
շուրջ 600 փամփուշտ արձակած։