2010-10-20 13:39:05

Հայաստանի եւ Սերպիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Տեսակցութիւնը.


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարար Վուք Երեմիչը, որ Հայաստան կը գտնուի Եւրոպական խորհուրդի ՝՝Ժողովրդավարութեան ապագային համար՝՝ ֆորումին մասնակցելու նպատակով։ Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուց Քոսովոյի հիմնախնդիրին առնչուող զարգացումները։ Անդրադառնալով արցախեան հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին՝ նախարար Նալբանդեան նշեց, որ միջազգային հանրութիւնը, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու կողքին, ջանքեր ի գործ կը դնէ տագնապը լուծելու ուղղութեամբ, սակայն միջնորդներու առաջարկները մերժող ազրպէյճանական դիրքորոշման պատճառով կարելի չէ լուրջ յառաջընթաց արձանարել բանակցութիւններուն մէջ։ Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան ապահովման առնչուող հարցերուն, գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն եւ անոնց լուծման ուղիներուն վերաբերեալ։







All the contents on this site are copyrighted ©.