2010-10-20 11:09:48

էՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ -ԱԿՆԱՐԿ մԸ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ։
Հայ Գրականութիւնը Եւրոպայի Մէջ.


1923էն սկսեալ Արեւմտահայ գրականութիւնը կրնանք անուանել Սփիւռքահայ գրականութիւն, մանաւանդ որ անոր գլխաւոր թեման կը մնայ Սփիւռքը, օտարին հետ հանդիպումը եւ հայրենիքի կարօտը: Անշուշտ իւրայատուկ տեղ ունի Թրքահայ, մասնաւորապէս՝ Պոլսահայ գրականութիւնը, որ բաւականին ինքնատիպ է:
Հայկական փոքր կամ մեծ գաղութներ կազմաւորուած էին՝Փարիզ Լոնտոն, Լիզպոն, Սպանիա, Վենետիկ եւ Հռոմ քաղաքներուն մէջ: Պերլինի մէջ ՝ հայութիւնը ցրուած պատկեր կը ներկայացնէր ։ Իսկ Սքանտինաւեան երկիրներու մէջ վերջին տասնամեակներուն բաւական թիւով Պարսկահայեր գաղթեցին . Պալքանեան երկիրներու մէջ խիտ Հայութիւն կ’ապրէր մինչև Բ. Աշխարհամարտ : Սակայն աւելի կազմակերպուած ու մշակութային աւանդներ ստեղծող գաղութներ մնացին Յունաստան եւ Ֆրանսա: Մանաւանդ Փարիզը , մինչեւ Բ. Աշխարհամարտ ,դարձաւ մեր ամենէն կենսունակ , յախուռն և յանդուգն մտաւորականներով հարուստ մշակութային գրական կեդրոններէն մէկը: Բազմաթիւ դէմքեր նկարչութեան, թատրոնի, երաժշտութեան եւ մանաւանդ գրականութեան ասպարէզներու մէջ համաշխարհային ճանաչման արժանացան:

Ֆրանսհայ գրողներէն ոմանք գրեցին միայն ֆրանսերէն լեզուով , ոմանք ֆրանսերէնով եւ Հայերէնով իսկ ուրիշներ միայն Հայերէնով: Այս սերունդը ունէր Պոլսոյ Հայկական կրթութիւն եւ ֆրանսական բարձր գրականութեան մօտէն ծանօթութիւն:

Ֆրանսահայ գրողներու գործերը մեզի կը հնչեցնեն ահազանգը Սփիւռքի մէջ մեր գոյութեան սպառնացող վտանգներուն:Սփիւռքի ճակատագիրը կը դառնայ առանցքը այդ գրականութեան: Ֆրանսահայ գրականութեան հաստատման և զարգացման մէջ շատ կարեւոր դեր խաղաց Շաւարշ Միսաքեանի «Յառաջ»թերթը եւ «Մենք» պարբերաթերթը որոնց շուրջ խմբուեցան ամենէն տաղանդաւոր եւ ամենայանդուգն գրողները: Ֆրանսահայ արձակագիրներէն յիշենք Հրաչ Զարդարեանը, Կարապետ Փօլատեանը, Շաւարշ Նարդունին, Նշան Պէշիկթաշլեանը, Վազգէն Շուշանեանը, Շահան Շահնուրը, Զարեհ Որբունին եւայլն, բանաստեղծներէն՝ Նիկողոս Սարաֆեանը, Բիւզանդ Թօփալեանը, Յարութիւն Կոստանեանը եւայլն: Դժբախտաբար ֆրանսահայ գաղութը չկրցաւ ստեղծել կրթական եւ մշակութային առողջ ենթահող մը եւ այս գրողները չունեցան իրենց յաջորդները: Սակայն , Բ. Աշխարհամարտէն ետք, Ֆրանսահայ գրականութիւն մը կը շարունակուի գոյութիւն ունենալ արաբական երկիրներէն հոն գաղթած եւ հաստատուած գրողներու շնորհիւ ինչպէս Վահէ Քաչա, Վազգօ Վարուժան/Ֆրանսա/, Գրիգոր Պլտեան/Պէյրութ/, Մովսէս Փչաքճեան/Հալէպ/, Զուլալ Գազանճեան/Հալէպ/, Յակոբ Պալեան եւայլն:

Սփիւռքի իրականութեան մէջ միայն ֆրանսահայ գրողներուն առաջին սերունդը կրցաւ իրականացնել Ֆրանսահայ Գրողներու Միութիւնը որ տարաւ հրատարակչական լուրջ աշխատանք :







All the contents on this site are copyrighted ©.