2010-10-20 11:22:33

Աշխարհի Ամենէն Երկար Ճոպանուղին Տաթեւի մէջ։ Բացումը Կատարեց Նախագահ Սերժ Սարգսեան։


Գորիսի 140-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններուն մասնակցելու նպատակով Սիւնիքի մարզը տնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարսեան 16 հոկտեմբերին,Գորիսէն ուղղուեցաւ Հալիձոր, ուր տեղի ունեցաւ Հալիձոր եւ Տաթեւ գիւղերը իրարու միացնող աշխարհի ամէնէն երկար ճոպանուղիի բացումը։ Որոտանի գեղատեսիլ կիրճին վրայէն անցնող, 11 ամսուան աշխատանքէ ետք ծնած եւ 5,7 քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող ճոպանուղին աւելի մեծ դիւրութիւններ կ՝ընծայէ շրջան այցելողներուն եւ զբօսաշրջիկներուն ։ Ճոպանուղիի շինութիւնը կատարած է ՝՝զուիցերիական-աւստրալիական՝՝ ընկերութիւն մը, իսկ կառուցման համար ծախսուած է 13 միլիոն Էուրօ։ Ըստ պատասխանատուներուն, ծրագիրը կը նպատակադրէ շրջանը զարգացնել, Հայաստանի այդ հնագոյն եւ հեղինակաւոր վանական համալիրի հոգեւոր, գիտական եւ մշակութային արժէքներու, անոր համբաւին ու փառքին վերականգնման։ Ճոպանուղիի բացման արարողութեան մասնակից դարձաւ նաեւ Ամենայն հայոց Գարեին Բ. Կաթողիկոսը, Լեռնային Ղարաբաղի նախաահ Բակօ Սահակեան։ Այս առիթով Տաթեւի Վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ։
Նախագահ Սարգսեան իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, թէ ճոպանուղին կոչուած է նոր հմայք տալու Որոտան կիրճին։ Աշխարհի ամէնէն երկար ճոպանուղիի կառուցմամբ մենք նպատակ չունինք ոեւէ մէկը զարմացնել։ Մեր հետապնդած նպատակները համեստ են, բայց ունին մեծ նշանակութիւն մեր երկրին ռազմավարութեան համար։ ՝՝Տաթեւի վերածնունդ՝՝ ծրագիրը Հայաստանի հարաւի համակողմանի զարգացման ռազմավարութեան կարեւոր բաղադրիչներէն է ու ազդակ՝ այս շրջանի տնտեսական, գիտական ու մշակութային կեանքի աշխուժացման (դիտել տուաւ նախագահը)։ Անոր համաձայն, թէեւ շատեր փորձած են աւերել հայկական շրջանները, սակայն Տաթեւի մէջ իշխողը միշտ հայկական կոթողը եղած է, որ իր ոյութեամբ հայերէն խօսած է։
Նախագահը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագիրի իրականացման մէջ ներդրում ունեցողներուն, յատկապէս մոսկովայաբնակ Ռուբէն Վարդանեանին եւ բոլոր շինարարներուն։ Ան յոյս յայտնեց, որ Տաթեւի Համալիրը իր բնապատկերով իր գիրկը կը բերէ բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ՝ նպաստելով Սիւնիքի եւ Հայաստանի զարգացման։







All the contents on this site are copyrighted ©.