2010-10-19 13:40:35

Հռոմի Քաղաքապետարանը Սիւնոդոկան Հայրերուն Ի Պատիւ Երկու Ձեռնարկ Կազմակերպած Է։


 
Միջին արեւելքի ՜՜Արեւելեան եկեղեցիներու՝՝ գումարուած յատուկ սիւնոդոսի առթիւ Իտալիոյ Մայրաքաղաք Հռոմը կազմակերպած է երկու կարեւոր միջազգային ձեռնարկներ աջակցութեամբ՝ Եպիսկոպոսական Սիւնոդոսի, Վատիկանի Ռատիոյին, Ւտալիոյ Արտգործ Նախարարութեան եւ "Գոմիւնիօնէ է լիպերացիոնէ" միջազգային կեդրոնին ։

Այսօր երեքշաբթի 19 Հոկտեմբեր 2010-ի առաւօտեան ժամը 10ին, Քաղաքապետարանի Բրոդոմոդէքա սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համագումար մը "Քրիտոնեաներու վկայութիւնը ի սպաս խաղաղութեան" տիտղոսով , որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հռոմի Քաղաքապետ Ճաննի Ալեմաննոն, Իտալիոյ արտգործ նախարար ֆրանքօ ֆրաթթինին, Կարտինալ Նիքոլա էդէրովիչ՝ ընդհանուր քարտուղարը Եպիսկոպոսական Սիւնոդոսին, Հայր Փետերիքօ Լոմպարտի Տնօրէնը Վատիկանի Մամլոյ Գրասենեակի, Ռատիօ Վատիկանի եւ Վատիկանի Հեռուստատեսիլի Կեդրոնին (ՉԴՎ), Հայր Ժուլիան Գարրոն " նախագահը՝ ՜՜ գոմունիէնէ Է լիպերացիոնէ" եղբայրութեան, Հայր Փիէր Պադդիսդա Բիցցապալլա Սուրբ Երկրի Պահակը։ Հանդիպումը վարեց Րոպէրթո ֆոնդոլան Տնօրէնը "գոմունիէնը Է լիպերացիոնէ" միջազգային կեդրոնին ։ Համագումարին հրաւիրուած էին Միջին արեւելքի եկեղեցիներու յատուկ սիւնոդոսի մասնակիցները։
Հանդիպումի ընթացքին խօսք առին նաեւ Միջին արեւելքի եկեղեցիներու եօթը պատրիարքները որոնց շարքին նաեւ Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Թարմունին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ՛՛Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին հաւատարմութեան եւ մարտիրոսութեան տիպար" թեմայով իր Ճառին մէջ նախ յայտնեց իր սերտ Կապը Յաւիտենական այս Քաղաքին հետ ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ հայերու եւ իտալացիներու դարաւոր բարեկամական փոխյարաբերութիւններուն ինչպէս կը վկայեն, ըսաւ ան, Իտալիոյ տարածքին գտնուած հայկական կառոյցները ի մասնաւորի յիշելով Հռոմի Լեւոնեան Վարժարանը, ՜՜Սուրբ Վլաս՝՝ի անուան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին եւ ՜՜Սուրբ Նիկողայոս՝՝ Եկեղեցին։
Հոգեւոր Տէրը շարունակեց իր զեկուցումը անդրադառնալով Հայոց պատմութեան մի քանի կարեւոր դէպքերուն, ինչպէս Հայաստանի քրիստոնէացումը 301 թուին, Վարդանանց՝ Վասն Կրօնի եւ Հայրենեաց հերոսամարտը ու Մեսրոպ Մաշտոցի գիրերու գիւտը։
Ներսէս Պետրոս ԺԹ. անդրադարձաւ նաեւ 1915ի ցեղասպանութեան զոհ՝ մէկ ու կէս միլիոն նահտակներուն, մատնանշելով մասնաւորապէս Մալոյան Գերապայծառին նահատակութիւնն ու անոր երանացման արարողութիւնը, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ Հայաստանի 1991 Անկախութեան մասին։ Եւ եզրափակելով իր միջամտութիւնը, Կաթողիկէ Հայոց պատրիարքը անդրադարձաւ սիւնոդոսական այս ժողովի կարեւորութեան. ՜՜ Այս սիւնոդոսը , ըսաւ ան, մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի երրորդ Հազարամեակ եւ մեզ կը մղէ ոչ թէ հանգչելու մեր անցեալի պատմութեան մեծութեան վրայ այլեւ կարեւոր դերակատարները ըլլալու մեր քրիստոնեայ ինքնութեան կերտման գործին մէջ։

Իսկ երեկոյեան ժամը 9ին Հռոմի ՜՜Աուտիդորիում գոնչիլիացիոնէ՝՝ սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ միջազգային համերգ ՛՛Էֆֆադահ, Արուեստագէտներ Միջին Արեւելքի երկխօսութեան մէջ՛՛ տիտղոսով ։
  
  







All the contents on this site are copyrighted ©.