2010-10-19 12:56:28

 Հայաստան – Լիթվանիա Կապերու Սերտացման Նպաստող Այցելութիւն.


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Լիթվանիոյ խորհրդարանի (սեյմի) փոխնախագահ, հայ-լեհական միջ-խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ Ալկիս Քաշետան։ Նալբանդեան ընդգծեց, որ Հայաստանի եւ Լիթվանիոյ միջեւ հաստատուած են բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւն եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ։ Զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստանի եւ Լիթվանիոյ միջեւ խորհրդարանական համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն խորհրդարանական վեհաժողովներուն մէջ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու փոխ-գործակցութեան։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ երկկողմանի, շրջանային եւ միջազգային հարցերուն եւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.