2010-10-19 13:14:21

 2010-ը ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻՆ ։ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏԸ


Մանուկի մը կեանքին առաջին երեք տարիները շատ կարեւոր ու էական են անոր ֆիզիքական, մտային եւ հոգեւոր աճումին եւ կազմաւորման համար։ Առաջին այս երեք տարիներու ընթացքին է որ խմորուող մանկան մէջ նկարագիրը կը կոփուի եւ անոր անհատականութիւնը կը կազմուի։ Միաժամանակ, ծնողաց համար այս ժամանակաշրջանը համբերութիւն եւ հետեւողական աչալրջութիւն պահանջող ամենէն դժուար, յոգնեցուցիչ եւ զգայուն տարիներն են, առանց մտահան ընելու այն պարագան թէ յաջողութեան չափանիշն ու նժարը՝ յարատեւ աղօթքն է եւ Աստուծոյ օգնականութեան եւ օժանդակութեան ապաւինիլն է։
Որովհետեւ ըստ Պօղոս Առաքեալի, քրիստոնեայ ընտանիքի մը օրը պէտք է ՝՝աղօթքով սկսի եւ աղօթքով իր աւարտին հասնի՝՝։ Թեսաղոնիկեցիներու ուղղած իր առաջին նամակին 5-րդ գլուխի 17-րդ համարին մէջ առաքեալը կը պատուիրէ ըսելով ՝՝Անդադար աղօթեցէք որովհետեւ, տուն մը կ՝օրհնուի կամ օրհնեալ է եւ յաջողութիւն կը գտնէ երբ ամէն գործ աղօթքով կը սկսի՝՝։
Մօր մը համար պայմաններու բերումով իր ազատ կամքով ,թէ նիւթական պատճառներով եթէ կաշխատի, կամ ստիպուած է աշխատիլ, պէտք չէ մտահան ընէ, անտեսէ, ժխտէ կամ թերանայ իր առաջին եւ հիմնական մայրական կոչումի պարտականութենէն ու պարտաւորութիւններէն։ Անշուշտ նախընտրելի պիտի ըլլար որ ան տունը մնար, յատկապէս նորածինի մը կեանքին առաջին երկու տարիներուն։ Նորածինի մը կեանքէն ներս որքան հօր, նոյնքան եւ աւելի՛ մօր մը անմիջական ու հոգատար ներկայութիւնը փափաքելի անհրաժեշտութիւն են եւ բնականաբար ալ մանկան աճման այս հանգրուանին՝ կունենան իրենց կազմախօսական օգտակար եւ դրական ազդեցութիւնները մանկան բնախօսական զարգացման մէջ, իսկ թերացումներու, անտեսումներու պարաային՝ ժխտական հետեւանքներ։
Հին թէ Նոր Կտակարաններ, կնոջ դերը կը սահմանեն ընտանեկան երդիքի տակ, միշտ տան եւ ընտանիքին, թէ առտնի աշխատանքներով բազմազբաղ, նուիրուած՝ ամուսինին հոգատարութեան եւ զաւակներու սնուցման, կրթութեան եւ դաստիարակութեան սրբազան պարտականութիւններուն ։ Եւ վերջապէս ընտանիք մը ինքնին փոքրիկ եկեղեցի մըն է։ Հայրը տան պէտքերն ու անհրաժեշտ կարիքները հայթայթող, պաշտպան սիւնն է, իսկ մայրը՝ շունչն ու կեանք տուող ոգին, անոնք զոհողութեամբ միաձուլուած են եւ նուիրուած՝ զաւակներու բարիքին։







All the contents on this site are copyrighted ©.