2010-10-18 16:39:00

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Վերահաստատեց Լրատուամիջոցներուն Առաքելութիւնը եւ Հայկական Հարցերու Լուծման Մէջ Անոնց Դերակատարութիւնը.


16 հոկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Գորիսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայ Լրագրողներուն համահայկական 5-րդ խորհրդաժողովի մասնակիցներուն հետ, որոնք շնորհաւորեց՝ մամուլի օրուան առիթով, եւ գնահատեց անոնց տարած աշխատանքը։ Ան յատկանշական նկատեց նման խորհրդաժողովի մը գումարումը Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաքին մէջ, որովհետեւ այդպիսով ո՛չ միայն լրագրողները աւելի մօտէն կապ կը հաստատեն Ստեփանակերտի եւ արցախեան առօրեային հետ, այլ նաեւ անիկա իր մէջ կը բովանդակէ խորհրդանշական իմաստ՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման գծով լրագրողներուն տարած ու տանելիք աշխատանքին առնչուած։
Նախագահը այդ առթիւ իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտը դրաւ միջազգային եւ ներքին կեանքին մէջ, գրաւոր թէ բանաւոր, լրատուամիջոցներուն դերակատարութեան կարեւորութեան վրայ։ Ան դիտել տուաւ, որ միջազգային լրատուական դաշտին մէջ մենք թէ՛ քանակով եւ թէ՛ որակով բարելաւուելու եւ աւելի եւս ամրապնդուելու կարիքն ունինք, որպէսզի կարենանք դէմ յանդիման կանգնիլ ՝՝հարեւան՝՝ երկիրներուն կողմէ կատարուած սուտ քարոզչութեան, կեղծ լուրեր տարածելու մնայուն փորձերուն, որոնք միշտ ալ ձախողութեան մատնուած են, բայց եւ այնպէս այս գծով պէտք է յաւելեալ լուրջ եւ հետեւողական աշխատանք ծաւալել։
Ապա խօսելով հայկական կեանքին մէջ հայկական լրատուամիջոցներուն ունեցած դերակատարութեան մասին, նախագահ Ս. Սարգսեան դիտել տուաւ որ մեր համազգային բոլոր նպատակներու իրականացման ճամբուն վրայ շատ կարեւոր է հայալեզու լրատուամիջոցներուն գոյութիւնը, հայ լրագրողներուն կողմէ օտար մամուլին մէջ ստորագրուած յօդուածները։ Ս. Սարգսեան դիտել տուաւ որ Հայաստանէն դուրս հայկական մամուլ տարածելը բաւական մեծ զոհողութիւններ կենթադրէ, նաեւ կենթադրէ համայնքային կեանքին մէջ կազմակերպիչ, համախմբող եւ դաստիարակ դառնալ, մայրենի լեզու, ինքնութիւն, հայկական դիմագիծ, գաղափարախօսութիւն, հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւն պահպանել։
Հայաստանի նախագահը Գորիս կը գտնուէր քաղաքի 140-ամեակի ձեռնարկներուն ու տօնակատարութիւններուն մասնակից դառնալու համար։ Նախագահը նաեւ բացումը կատարեց ՝՝Զանգեզուր սրտաբանական կեդրոնին՝՝ որ կառուցուած է Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմնի կողմէ՝ հովանաւորութեամբ Մարսէյի ՝՝Հայաստան-Ֆրանսա՝՝ առողջապահական միութեան եւ Ֆրանսայի Պուշ Տու Ռոն նահանգի վարչակազմի աջակցութեամբ։ Ծրագիրի հիմնական հովանաւորներէն է նաեւ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ տրամադրած է հարիւր հազար տոլար։ Այս շրջագիծին մէջ բացումը կատարուեցաւ նաեւ Գրիգոր Տաթեւացիի արձանին։







All the contents on this site are copyrighted ©.