2010-10-18 14:51:23

Միջին արեւելքի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու յատուկ սիւնոդոս -
Պատգամի եզրափակիչ Նախապատրաստական Օրինակի Ներակայացում


Շաբաթ 16 հոկտեմբերին առաւօտեան սիւնոդոսական հայրերու նիստը կեդրոնացաւ սիւնոդոսի եզրափակիչ պատգամի նախապատրաստական օրինակի քննարկումին։
Պատգամը ներկայացուցին գերապայծառ Շիրիլ Պուսթրոսը Յոյն Մելքինդներու Նիւթոն Թեմի եպիսկոպոս եւ գերապայծառ Ուիլլիամ Շոմալին Երուսաղէմի Լատին Եկեղեցւոյ օգնական եպիսկոպոսը որոնք սիւնոդոսի պատգամը շարադրող յանձմախումբին նախագահը եւ փոխ նախագահն են։

Ապա սիւնոդոսական հայրերը կարգ մը դիտողութիւններ կատարելէ ետք որոշ փոփոխութիւններ եւ նոր առաջարկներ յառաջացուցին պատգամի շարադրութեան եւ վերջնական քննարկումին եւ ընդունման։

Նախապատրաստական այս պատգամը կը պարունակէ 12 կէտեր ուր կոչ ուղղուած է քրիստոնեաներուն չվհատելու եւ յարատեւելու իրենց հաւատքի ուղիով եւ քրիտոնավայել կեանքով։ Կոչ ուղղուած է նաեւ եկեղեցւոյ համամիութեան զարգացման համար եւ երկխօսութեան կոչ` հրեայ եւ իսլամ աշխարհի հետ միասնաբար համագործակցելու մարդկային իրաւունքներու եւ անհատին արժանապատուութիւնը պաշպանելու ի խնդիր։ Թղթածրարը կոչ կ̓ուղղէ նաեւ քաղաքական գործիչներու որպէսզի չի զլանան ջանք թափել ընկերային ապահովութեան ի խնդիր եւ քաղաքականութեան կայունութեան ի նպաստ վերջ դնելով ռազմական գործունէութիւններուն։

Կոչ ուղղուած է նաեւ միջազգային հասարակութեան որպէսզի սատարէ Միջին Արեւելքի մէջ արդարութեան եւ խաղաղութեան հաստատումին` վերջ դնելու նպատակով Իրագի պատերազմին եւ վերջնական լուծում գտնելու պաղեստինեան հարցին ինչպես նաեւ գործելու կրօնի եւ խղճի ազատութիւն հաստատումին։

Պատգամը կ'ակնարկէ քրիստոնեաներու արտագաղթի հարցին ու կը յորդորէ անոնց պահպանելու իրենց հաւատքն ու մշակոյթը եւ յոյսով նայելու դէպի ապագան։
Պատագամը կ'եզրափակուի խնդրելով Տիրամօր հովանաւորութիւնն ու հոգատարութիւնը։

Այժմ այս նախապատրաստական պատգամը պիտի յանձնուի դարձեալ շարադրող յանձնախումբի ուշադրութեան որպէսզի պէտք եղած սրբագրութիւնները ներմւծէ ու դարձեալ ներկայացնէ սիւնոդոսական հայրերու վերջնական քննարկումին։







All the contents on this site are copyrighted ©.