2010-10-18 13:43:58

Հայ Լրագրողներէն Համախմբուելու Կոչ՝ Յանուն Համազգային Նպատակներու.


Ստեփանակերտի մէջ Հոկտեմբեր 13ին սկսած հայ լրագրողներու 5րդ համաժողովը Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 15ին աւարտեց իր աշխատանքը: Համաժողովի մասնակիցները եռօրեայ քննարկումներու արդիւնքներուն հիման վրայ հանդէս եկան յայտարարութեամբ՝ «հետագայ աշխատանքի գերակայ ուղղութիւններ» հռչակելով հայկական ազգային պետականութեան ամրապնդումն ու հզօրացումը, ԼՂՀ հիմնահարցի խաղաղ եւ արդարացի կարգաւորումը, ԼՂՀ պետականութեան միջազգային ճանաչումը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը իբրեւ համաշխարհային նորագոյն պատմութեան մեծագոյն ոճրագործութեան ճանաչումը, հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան նկատմամբ միջազգային հասարակական կարծիքի ձեւաւորումը, եւ հայկական հարցերու շուրջ միջազգային հանրութիւնը տեղեկացնելու նպատակով ներգործօն լրատուամիջոցներու ստեղծումը:
Ժողովականները համակարծիք էին, որ առաջնահերթ են Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք կապերու հզօրացումը, նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութիւնը, կրթութիւնը եւ մայրենիի անաղարտութիւնը, համահայկական տեղեկատուական գործօն համակարգերու ստեղծումը, հայկական տեղեկատուական ապահովութեան երաշխաւորումը, Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի նուաճումներու, ազգային արժէքներու համակարգուած ներկայացումն ու քարոզչութիւնը, հակահայկական քարոզչութեան համակարգուած դիմագրաւումը, հայ ժողովուրդի պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը, հայ լրագրողներու համագործակցութեան հետագայ սերտացումը, անոնց մասնագիտական պատրաստումը եւ վերապատրաստումը:
Համաժողովը արձանագրած է, թէ այս հիմնախնդիրներու լուծման գործին մէջ կարեւոր առաքելութիւն ունի Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը:
«Մենք՝ Հայ լրագրողների 5րդ համաժողովի մասնակիցներս, լի ենք վճռականութեամբ՝ այսուհետ եւս համաժողովի շարունակականութիւնը ապահովելու եւ աջակցելու հայ լրագրողների ընկերակցութեան նորացուած համակարգող խորհրդին՝ առկայ հիմնախնդիրների լուծման ուղղութեամբ գործնական քայլեր ձեռնարկելու համար: Համաժողովը Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան պետական, քաղաքական եւ հասարակական բոլոր կառոյցներին ու կազմակերպութիւններին կոչ է անում համախմբուել՝ յանուն համազգային նպատակների իրականացման», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Համաժողովի աւարտին, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը յայտարարեց, թէ սփիւռքի նախարարութիւնը 2011ը պիտի հռչակէ «Սփիւռքը միջազգայնացնելու տարի»: Համաժողովին մասնակցեցան հայկական շուրջ 200 լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ՝ Հայաստանէն եւ Սփիւռքի 26 գաղութներէ:







All the contents on this site are copyrighted ©.