2010-10-17 12:50:19

Վատիկանեան Sեղեկութիւններ:

Վատիկանի Մամլոյ Գրասենեակի Տեղեկութիւնը Լեհաստանի Նախագահին Վատիկան Այցելութեան Մասին։


Վատիկանի Մամլոյ Գրասենեակի Տեղեկութիւնը Լեհաստանի Նախագահին Վատիկան Այցելութեան Մասին։

Շաբաթ առաւօտ՝ 16 հոկտեմբերին, Լեհաստանի հանրապետութեան նախագահը տիար Գոմորովսքին այցելութիւն տուաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։

Ապա ան յաջորդաբար հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի պետական քարտուղար կարտինալ Պերթոնէի եւ արտգործ նախարար գերապայծառ Մամպերթիի հետ։ Սիրալիր հանդիպումներուն ընթացքին նախագահը յիշեցուց, Վատիկան իր ներկայութեան գեղեցիկ զուգադիպութիւնը ՜՜Աստուծոյ ծառայ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի Քահանայապետ ընտրութեան 32րդ տարեդարձին օրը՝՝։

Նախագահը ընդգծեց կարեւորութիւնը երկխօսութեան Եկեղեցւոյ ու Պետութեան միջեւ, իւրաքանչիւրը իր վերապահուած դերին մէջ, հասարակաց բարիքին համար։ Նոյնպէս վերահաստատուեցաւ երկկողմանի կամքը շարունակելու՝ գործօն համագործակցութիւնը մասնաւորապէս դաստիարակութեան, կեանքի պաշտպանութեան ՜՜սաղմէն մինչեւ բնական մահը՝՝ եւ ընկերութեան բարոյական արժէքներու մարզերուն մէջ։

Հուսկ հանդիպումներու ընթացքին տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում հայող Եւրոպայի իրավիճակին։








All the contents on this site are copyrighted ©.