2010-10-17 09:25:24

Յովիկ Աբրահամեան -Մարիոս Կարոյան Հանդիպումը՝Կիպրոս։


Վերջերս Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահին լխաւորած պատուիրակութիւնը Կիպրոս գնաց ։ Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Մարիոս Կարոյեան օդակայանին մէջ դիմաւորեց Յովիկ Աբրահամեանը։ Կարճատեւ զրոյցէ մը ետք, Հայաստանի եւ Կիպրոսի խորհրդարաններու նախագահները լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ ունեցան հանդիպում եւ կատարեցին յայտարարութիւն մը։ Անոնք բարձր գնահատեցին երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական յարաբերութիւնները եւ այս ծիրին մէջ ընդգծեցին միջ-խորհրդարանական կապերու զարգացումը։ Յովիկ Աբրահամեան եւ Մարիոս Կարոյեան համոզում յայտնեցին, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահին Կիպրոս այցելութիւնը արդիւնաւէտ ըլլայ եւ աւելի եւս զարգացնէ ու ամրապնդէ երկու երկիրներուն համագործակցութիւնը։ Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը Նիկոսիայի մէջ այցելեց Ներկայացուցիչներու Տուն եւ մասնակցեցաւ լիագումար նիստին։ Ապա Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ կիպրահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։
Նախքան Կիպրոս այցելութիւնը Յովիկ Աբրահամեան Աթէնքի մէջ տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Փեթրոս Էվթիմու-ի հետ,տեսակցութեան աւարտին Յովիկ Աբրահամեանի հրաւէրով Փեթրոս Էվթիմիու եւ Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ ֆիլիփոս Փեթսալնիքոս մասնակցեցան Յունահայ համայնքին հետ կազմակերպուած հանդիպումին։







All the contents on this site are copyrighted ©.