2010-10-17 09:24:40

Եկեղեցւոյ Վեց Նոր Սուրբերը ։


 Ըսթանիսլաօ Գազիմիէրցիք(լեհ),Անտրէա Պեսէթ(գանատացի), Մարիա Մաք Քիլլոբ(աւստրալիացի), Գանտիտա Մարիա (սպանացի)եւ երկու իտալացիներ՝ Ճուլիա Սալցանօ ու Պաթթիսթա տա Վարանօ ։

Այսօր Սուրբ հռչակուեցան վեց Երանելիներ,երկու այրեր եւ չորս կիներ։ Եկեղեցին այսօրուընէ սկսեալ ճոխացաւ երկու նոր Սուրբերով եւ չորս նոր Սրբուհիներով։

Ըսթանիսլաօ Գազիմիէրցիք.
Ըսթանիսլաօ Գազիմիէրցիք լեհ երանելին ապրած է տասնըհինգերորդ դարուն եւ իրեն միջնորդութեան շնորհիւ 1617ին Բիէթրօ Գոմորովսքի Կոմսը վայրկենական հրաշքով մը բժշկուած է իր ձախ աչքի կուրութենէն։ Ըսթանիսլաօ Գազիմիէրցիքի սրբութեան համբաւը միշտ վառ մնաց Լեհաստանի մէջ ,յատկապէս Գրագուվի մէջ.մինչեւ այսօր։ Որպէս քահանայ ան եղաւ առաքեալ մը ամբողջովին նուիրուած քարոզութեան, աղքատներու ու անշարժութեան մատնուածներու ծառայութեան. Անոր կատարած հրաշքը որ կարելի է կոչել ՝՝բացառիկ ՝՝ շատ լաւ վկայուած է եւ մանրամասնօրէն նկարագրուած է ժամանակի բժշկական վաւերաթուղթերուն մէջ։ Ըսթանիսլաօ Գազիմիէրցիք կը վախճանի 1489ին։ Ան Երանելի հռչակուեցաւ երջանկայիշատակ ՅՊԲ.Սրբազան Քահանայապետին կողմէ՝ 18 ապրիլ 1993-ին։

Անտրէա Պէսսէթթէ.
Իսկ Երանելի Անտրէա Պեսէթ-ը (գանատացի) վախճանած Մոնրէալ 1937ին , կրօնաւոր մըն է,(եղբայր Անտրէ)անգրագէտ ու մեծապէս ջերմերանդ Սուրբ Յովսէփին,որու համար կառուցել տուաւ սրբավայր մը, եւ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին եղաւ պահակը սոյն սրբավայրին, ան ունէր ՝՝հրաշագործ՝՝ի համբաւ ։ Եղբայրօգնութեամբ ու աղօթքի մեծ ոգիով տոգորուած, կ՝այցելէր հիւանդները խրախուսելով զանոնք ունենալու յուսալիր բարեպաշտութիւն Սուրբ Յովսէփի նկատմամբ։ Ան վախճանեցաւ 91 տարեկանին,1937ին։

Մարիա Մաք Քիլլոբ.
Գալով Աւստրալիացի Մարիա Մաք Քիլլոբի-ն, ան գաղթական սկովտիացի կաթողիկէ ծնողքի մը ութը զաւակներու անդրանիկն է ։ Նախ ուսուցչուհի եւ ապա մտահոգ աղքատ փոքրերու դաստիարակութեամբ հիմնել տուաւ կրօնաւորական միաբանութիւն մը ։ Յիսուսի Սուրբ Սրտի՝ Սուրբ Յովսէփի Մայրապետներու միաբանութիւնը որ շուտով տարածուեցաւ Աւստրալիոյ մէջ եւ այլուր, ու այսօր տակաւին անոնք ներկայ են 340 կեդրոններով. Մաք Քիլլոբի որպէս դաստիարակ Աւստրալիոյ մէջ շատ կը ճանչցուի ու կը սիրուի,յատկապէս նաեւ իր Միաբանութեան Մայրապետներու,հոգեւոր դուստրերու միջոցաւ։ Մա Քիլլոբ վախճանեցաւ 8 օգոստոս 1909ին .

Գանտիտա Մարիա Տի Ճեզու.
Սպանացի Երանուհի Գանտիտա Մարիա-ն ալ հիմնադրուհի մըն է,ծնած՝ 31 մայիս 1845-ին։ Ան հիմնած է Յիսուսի Դուստրերու Միաբանութիւնը որ կը զբաղի կարիքաւոր մանուկներու ու պատանիներու հետ ։ Այսօր սոյն միաբանութիւնը ունի 1025 կրօնաւորուհիներ որոնք ներկայ են Լատին Ամերիկայի ութը երկիրներուն մէջ։

Ճուլիա Սալցանօ Եւ Գամիլլա Տա Վարանօ.
Հուսկ երկու իտալացի կրօնաւորուհիներ, Ճուլիա Սալցանօ ,Գազէրթայի մօտերը ծնած 1846ին ,որ հիմնած է իգական հաստատութիւն մը , Սուրբ Սրտի քրիստոնէականի Մայրապետներու Միաբանութիւնը, որու առաքելութիւնն էր նոր սերունդներու կազմաւորումը կրօնուսուցումի միջոցաւ։ Իսկ միւս իտալացի կրօնաւորուհին ազնուական մըն է Պաթթիսթա Գամիլլա Տա Վարանօ ծնած 9 ապրիլ 1458ին Գամէրինօ,Գլարիս Կրօնաւորուհիներու միաբանութեան անդամակից ուր մուտք կը գործէ 1481ին (Ուրպինոյի Գլարիսներու մենաստանը)առնելով Պաթթիսթա անունը,իր կարգին հիմնած է մենաստան մը դառնալով անոր Աբբասուհին մինչեւ իր մահը ՝1524։ Կրօնաւորուհի Պաթթիսթա եղած է ներհայեցող, խորհրդազգաց անձ մը , եւ այս յատկութիւնը շատ շեշտուած է իր գրութիւններուն մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.