2010-10-16 13:20:38

Միջին Արեւելքի Եպիսկոպոսական Սիւնոդոս - Սիւնոդոսական Հայրերու Միջամտութիւնները։


Ուրբաթ 15 հոկտեմբեր 2010ին ութերորդ ընդհանուր նիստը սկիզբ առաւ երրորդ ժամու ժամասացութեամբ Յոյն Մելքիթ ծէսի համաձայն որուն յաջորդեց հակիրճ մտածական մը։ Ժամերգութենէն ետք սկիզբ առաւ միջամտութիւններու շարքը եւ խօսք տրուեցաւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն, որոնց շարքին զեկուցումներ ունեցան Սուրիոյ մայրաքաղաքի՝ Դամասկոսի Թեմի առաջնորդը՝ Արմաշ եպ. Նալպանտեան որ կը ներկայացնէր Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Բերիոյ Թեմի առաջնորդը Շահան արք. Սարգիսեան որպէս ներկայացուցիչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա Կաթողիկոսին։
Նալպանտեան սրբազանը իր միջամտութեան ընթացքին անդրադարձաւ աշխատանքային թղթածրարի երեք նիւթերուն ՜՜Գաղթականութիւն, Իսլամական աշխարհի հետ երկխօսութիւն եւ համամիութիւն՝՝։ Սարգիսեան Սրբազաանը խօսեցաւ միջին արեւելքի եկեղեցիները մտահոգոող մարտահրաւէրներուն մասին ինչպէս ՜՜եկեղեցւոյ միութիւնը, փոխադարձ յարգանքը եւ երկխօսութիւնը քրիստոնեաներու եւ իսլամներու միջեւ ու նաեւ խօսեցաւ Քրիստոնեաներու Վկայութեան մասին։ Ան նաեւ անդրադարձաւ Էգումենիք համագործակցութեան։
Նշենք նաեւ թէ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու շարքին ներկայ էին եւ խօսք առին Սուրեանի օրթոտոքս Իգնատիոս Զաքքա Պատրիարքի ներկայացուցիչը` ինչպէս նաեւ բողոքական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը։
Այս զեկուցումներէն ետք նիստը շարունակուեցաւ Սիւնոդոսական Հայրերու զրոյց որոնք շարունակեցին անդրադառնալ Աշխատանքային Թղթածրարի զանազան նիւթերու շուրջ։ Նիստի վերջաւորութեան խօսք տրուեցաւ նաեւ ունկնդիր հիւրերուն։
Սիւնոդոսական Հայրերէն խօսք առին Կարտինալ Թորան եւ Կարտինալ Թիւրքսոն։
Կարտինալ Թոռան` նախագահը միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդին իր կատարած միջամտութեան ընթացքին հրաւիրեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիները որ աւելի յանդգնութեամբ պաշտպանը հանդիսանան ոչ միայն պաշտամունքի ազատութեան այլ եւ կրօնական ազատութեան։ Նոյնպէս կոչ ուղղեց միաստուածեան երեք մեծ կօրններուն միատեղ խորհրդածութիւն կատարելու կրօններու դերին մասին Միջին Արեւելքի ընկերութիւններու մէջ։ Ապա ան հաստատեց թէ ներկայ ժողովը թէ մարտահրաւէր մըն է եւ թէ բարեպատեհ առիթ մը.՜՜ Մարտահրաւէր` որովհետեւ կարելիութիւն կը տրուի Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն դրական ուղղութիւններ տալու, պահանջելու իրաւունքը կրօնական ազատութեան, ընդգծելով թէ ընկերութիւնը եւ պետութիւնը պէտք չեն ստիպել անհատները գործելու իրենց խղճին դէմ։ Բարեպատեհ առիթ՝ աւելի ազատութիւն պահանջելու եւ պատասխանատուներուն բացատրելու թէ ոչ լուծուած ընդհարումներու պատճառը կրօնքի հետեւանքը չէ այլ պետութիւններու քաղաքականութեան պակասը՝՝։
Հուսկ՝ խօսքը ուղղելով Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսներուն կարտինալ Թոռան հարց տուաւ թէ արդեօք եկեղեցիները բաւարար չափով կ'աշխատի՞ն պահելու իրենց հաւատացեալները իրենց տուներուն մէջ։ Կարտինալը իր միջամտութիւնը եզրափակեց հաստատելով որ պէտք չէ ամէն բան սպասել ուրիշներէն։
Իսկ Կարտինալ Թիւրքսոն` նախագահը Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին իր կատարած միջամտութեան ընթացքին դատապարտեց Միջին Արեւելքի մէջ գոյացող խտրականութիւնը, որուն առաջին ու գլխաւոր զոհերն են քրիստոնեաները։ Քրիստոնեայ հաւատացեալները կը կրեն խտրականութիւն, բռնութիւն, վատահամբաւութիւն, եկեղեցիներ շինելու մերժում եւ բացօթեայ պաշտամունք կազմակերպելու արգելք։ Ղանացի կարտինալ Թիւրքսոն նաեւ խնդրեց ընգծել թէ կրօնքի ճշմարիտ ազատութիւնը կը կայանայ նաեւ իր կրօնքը ազատութեամբ քարոզելու եւ դարձի գալու մէջ։ Նշենք թէ նոյն օրը իսլամ սիւննիներու ներկայացուցիչը յայտարարած է թէ մահմետականին համար կրօնք փոխել համազօր է դաւաճանութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.