2010-10-16 13:21:20

Հայր Գէորգ Նորատունկեան Ծայրագոյն Վարդապետ Եւ Մեծաւոր Լեւոնեան Վարժարանին- Հռոմ


Շաբաթ, 9 հոկտեմբեր 2010-ին, Հռոմի Ս. Նիկողայոս անուան եկեղեցւոյ մէջ, հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսի փակման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութեամբ, նախագահութեամբ՝ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքին։
Հանդիսութեան աւարտին, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը յատուկ արարողութեամբ ծայրագոյն վարդապետի աստիճանը շնորհեց հայր Գէորգ վրդ. Նորատունկեանի, որ երեք ամիսներ առաջ մեծաւոր անուանուած էր Լեւոնեան Ք. հայ վարժարանին։
Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը յանձնեց ծայրագոյն վարդապետին գաւազանը, տուաւ անոր աւետարանը, վզէն անցուց լանջախաչ մը եւ մատին դրաւ մատանի մը։
Իր խօսքին մէջ, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը վերյիշեց ծայրագոյն վարդապետի հիմնական առաքելութիւնը, որն է՝ քարոզել Աստուծոյ աւետարանը եւ հետամուտ ըլլալ ճշմարտութեան։ Առաւել եւս ան յիշեց, թէ գերյարգելի հայր Գէորգ ծայրագոյն վարդապետ Նորատունկեանին տրուեցաւ պատասխանատուութիւնը կազմաւորելու հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան նոր առաքեալները։





Արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթրիք մը սիւնհոդոսական հայրերու մասնակցութեամբ, որուն ընթացքին խօսք առաւ վարժարանի փոխ մեծաւորը՝ Հ. Թովմաս Վրդ. Կարապետեան որ հաւաստիացուց թէ միասնաբար պիտի գործեն հոգալով ժառանգաւորներու պատրաստութիւնը լաւագոյն կերպով որպէս ապագայ լաւ քահանաներ։

Խօսք առին նաեւ Զմմառու միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ՝ գերյարգելի Հ. Միքայէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեան եւ գերապատիւ Հ. Վարդան Վրդ. Գազանճեան, որոնք շնորհաւորեցին նոր ծայրագոյն վարդապետը։ Ապա խօսք առաւ հայր Գէորգ ծայրագոյն վարդապետը, որ բացայայտեց, թէ գաւազանը որ առաւ պիտի ծառայէ, իրեն յանձնուած երիտասարդներուն հետ կտրելիք ճանապարհորդութեան համար։
 
 

 Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Նորատունկեան ծնեալ՝ 1968-ին Հալէպ, Զմմառու միաբան է, իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է  Հռոմի Գրիգորեան համալսարանին մէջ, եւ մասնագիտացած է քրիստոնէականի դաստիարակութեան մարզէն ներս Սալեզեան հայրերուն համալսարանը:
 Ռատիովատիկանի Հայերէն Հաղորդումներու անձնակազմը կը շնորհաւորէ եւ բարեմաղթութիւն կը յայտնէ՝ Գերյարգելի Հ. Գէորգ Ծ. Վրդ. Նորատունկեանին իր այս նոր պաշտօնին համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.