2010-10-16 13:21:12

Ասորիներու Զագգա Ա. Պատրիարքի Այցելութիւնը Անթլիաս։


Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ՝ Զագգա Ա. Իուաս Պատրիարքը, Հինգշաբթի 14 Հոկտեմբերին պապշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Անթիլիաս եւ ընդունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ: Պատրիարքին կ’ընկերանային Լիբանանի ասորի առաջնորդները, ինչպէս նաեւ՝ պատրաիարքական փոխանորդը: Վեհափառին ու Պատրաիրքին միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման ներկայ եղան իրեն ընկերացող սրբազանները, ինչպէս նաեւ՝ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Բաժանմունքի Վարիչ Գերշ. Տ. Նարեկ Եպս. Ալէեմեզեան: Սոյն հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հայ եւ ասորի եկեղեցիներու յարաբերութեան ու գործակցութեան, ղպտի եկեղեցւոյ դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին առնչուած կարգ մը հարցեր: Հանդիպման աւարտին Զագգա Պատրիարքը ճաշի հիւրը եղաւ Վեհափառին:







All the contents on this site are copyrighted ©.