2010-10-15 13:30:39

Սիւնոդոսական Հայրերու Միջամտութիւնները Միջին Արեւելքի Եպիսկոպոսական Սիւնոդոսին։


Հինգշաբթի 14 Հոկտեմբեր 2010, առաւօտեան Միջին Արեւելքի Եպիսկոպոսական նիստը շարունակուեցաւ ու տեղի ունեցան զանազան միջամտութիւններ անոնցմէ յիշենք.
Միացեալ Նահանգներու Նիւթոնի Յոյն մելքինթներու Արքեպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Շիրիլ Սալիմ Պութրոսի միջամտութիւնը որ հարց տուաւ թէ իսլամական աշխարհէն ներս ներողամտութիւնը գոյութիւն ունի թէ ոչ, նկատել տալով որ որ երբ իսլամ հաւատացեալ մը ուզէ քրիտոնէութեան դարձի գալ, մահուան կը դատապարտուի Գուրանի համաձայն։ Ան յոյս յայտնեց որ 21-րդ դարը ըլլայ քրիստոնեայ եւ իսլամ աշխարհի համագործակցութեան դար մը ի նպաստ մարդկային իրաւունքներու։
 
Ասորիներու Եունան Պատրիարքը իր միջամտութիւնը կեդրոնացուց «Ինսդրումէնդում Լավորիսի» Թիւ 39 համարի՝ "Մարդկային իրաւունքներու" մասին։ Ան հարց տուաւ ինչպէս կարելի է կամուրջներ շինել ժողովուրդներու միութեան ի նպաստ երբ շատ մը վայրերու մէջ փոքրամասութիւններու ազատութիւնը լոկ կաշկանդուած է։

Թորոնթոյի Արքեպիսկոպոսը՝ Թոմաս Քրիստոֆէր Գոլլինզ, խօսքին մէջ անդրադարձաւ ՜՜Հայեցողական կեանքի հասարակութեան կարեւորութեան՝՝ հրաւիրելով ժողովականները որ առարկայական լուծումներ գտնեն միջին արեւելքի քրիստոնեաներու օգնութիւն ապահովելու համար։ ՜՜Միասին կրնանք ոտքի մնալ, ըսաւ ան, իսկ եթէ բաժնուինք գետին կը տապալինք։

Գերապայծառ Գլաուտիօ Մարիա Չելլին Քահանայաապետական Հաղորդամիջոցներու Խորհուրդի նախագահը, անդրադարնալով՝ ՜՜Հաղորդամիջոցներու՝՝ մատնանշեց անոնց ընթացքն ու կարեւորութիւնը եկեղեցւոյ առաքելական ասպարէզին մէջ։
Ան խօսեցաւ (հպային) տիճիդալ մշակոյթի մասին, այն մեծ յառաջացումներուն որ տեղի կ՜ունենան այս մարզէն ներս։ Գերապայծառ Գլաուտիօ Չելլին յորդորեց ըսելով որ եկեղեցին պէտք է գիտակցի այս արդի միջոցներուն, օգտագործէ զանոնք իր առաքելութեան համար` լեզու գտնելու նպատակով 21-րդ դարու հաւատացեալներու հետ։ Եկեղեցին` ըսաւ ան պէտք է գիտնայ մտիկ ընել, ունկնդրել։ Ու մանաւանդ հարկ է ապագայի մտածել պատրաստելով նորընծաները` վաղուան առաքեալները ``հաղորդել`` սորվելու։ Չի բաւեր Կայքէջեր բանալ` ու զանոնք զարգացնել հարկ է նաեւ հաղորդել։ Քահանան պէտք է հաղորդումի մարդ ըլլայ։

Եղբայր Սեզար Եսայեան խօսքը կեդրոնացուց ՜՜Աստուծոյ Խօսքին՜՜վրայ։ Ան ըսաւ որ շատ մը քրիստոնեաներ լաւ չեն ճանչնար Քրիստոսն ու Աւետարանը, որուն հետեւանքն է՝ սխալ ըմբռնում ունենալ Աստուծոյ հանդէպ եւ հետեւաբար սխալ աստուած մը պաշտել։ Չի բաւեր միայն խօսիլ ու քարոզել, նշմարել տուաւ ան, պէտք է որ նաեւ օրինակ հանդիսանանք։ Աշխարհը պէտք ունի օրինակելի ու տիպար առաքեալներու։ Մինչեւ այն աստիճան որ պատրաստ ըլլանք արկածախնդրութեան ՜՜Աւետարանը քարոզելու՝՝ նպատակով։

Իրաքի Ղպտի Եպիսկոպոսը Ամատիահ անդրադարձաւ Աւետարանացումին` ՜՜նոր աւետարանացումի՝՝ ինչպէս նաեւ ընտանիքներու դերին ընկերութեան մէջ, վերագտնելու նաեւ ընտանեկան արժէքները եկեղեցիներէն ներս։
Ան խօսեցաւ Կղերի պատրաստութեան մասին ու մաղթեց եկեղեցւոյ վերադարձը` իր ՜՜առաքելական ու միսիոնարական՝՝ սկզբնական դերին։

Հինգշաբթի յետ միջօրէի զեկուցումները կեդրոնացան ընդհանրապէս քրիստոնեաներու գաղթի հարցին, քրիստոնէական դասաւանդութեան եւ եկեղեցական համամիութեան նիւթերու վրայ ։
Սիւնոդոսական Հայրերու զեկուցումներու շարքը վերջ գտաւ, Իզմիրի Եպիսկոպոս Գերապայծառ Ռուճճէրօ ֆրանչէսգինիի միջամտութեամբ որ ներկայացուց Թուրքքիոյ Պապական Նուիրակութեան ապրած խիստ դժուար կացութիւնը։ Ան իր խօսքին մէջ յիշեց Գերապայծառ Փատովէզէի սպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը։

Սիւնոդոսական հայրերու միջամտութիւններէն ետք առիթ տրուեցաւ ազատ ունկնդիրներու զեկուցումներուն։

Իսկ օրուան նիստի աւարտին՝ խօսք տրուեցաւ իսլամական կրօնը ներկայացնող երկու հիւրերու` Տիար Մոհամմէտ ալ Սամմագի՝ Լիբանանու Մուֆթիի քաղաքական խորհրդատուին, եւ Տիար Սէյետ Մուսդաֆա Մոհաղեղ Ահմատապատիի՝ որ անդամ է Իրանի գիտութեան ակադեմեայի ։ 







All the contents on this site are copyrighted ©.