2010-10-15 15:14:35

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութինի հետ։


Այս առիթէն օգտուելով,Սերժ Սարգսեան անգամ մը եւս շնորհաւորած է Վլատիմիր Փութինը, ծննդեան տարեդարձին առիթով եւ յաջողութիւն մաղթած է Ռուսիոյ տնտեսութեան վերելքին ուղղութեամբ կատարուող լայնածաւալ նախաձեռնութիւններուն համար, համոզում յայտնելով, որ բարեկամ Ռուսիոյ տնտեսական հզօրացումը նաեւ զարգացման լուրջ ազդակ է Հայաստանի տնտեսութեան համար(կը նշուի Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակին տարածած հաղորդագրութեան մէջ)։ Հայաստանի նախագահը եւ Ռուսիոյ վարչապետը քննարկած են հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգային խնդիրները։ Վլատիմիր Փութին 7 հոկտեմբերին նշեց իր ծննդեան 58-րդ տարեդարձը։







All the contents on this site are copyrighted ©.